ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Մոսկուա կ՛աջակցի Սուրիոյ ապագային գծով քիւրտերու եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութեան, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Հարիւրամեակներ շարունակ Սուրիա եղած է երկիր մը, ուր ազգային եւ կրօնական զանազան խումբեր խաղաղ գոյակցութիւն ունեցած են ու ապահով ապրած: Ասիկա, հաւանաբար, Սուրիոյ այցեքարտն էր: Անշուշտ, ասիկա չի կրնար յարգանք չյառաջացնել, իսկ այս մասին մենք բազմաթիւ անգամներ խօսած ենք: Համոզուած ենք, որ այսպիսի պատմական աւանդութիւններ պէտք է ամբողջութեամբ պահպանուին եւ շարունակուին: Մեր մեկնակէտը այն է, որ սուրիացի քիւրտերը Սուրիոյ ժողովուրդին անբաժանելի մասն են: Մեկնելով այս սկզբունքային դիրքէն` Մոսկուան կ՛աջակցի երկխօսութեան, որ կը շարունակուի քիւրտերու եւ Դամասկոսի միջեւ` իրենց հասարակաց հայրենիքի հետագայ զարգացման վերաբերեալ», ըսաւ Զախարովա: