Ս. ՍՈՖԻԱՆ ՄԶԿԻԹԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ՔԱՅԼԸ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԵՑԱՒ ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ԿՈՂՄԷ
ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան, անդրադառնալով Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածելու որոշումին՝ գրած է հետեւեալը. «Տխուր օր քրիստոնեաներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան բազմակարծութեան հետեւող Թուրքիոյ: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի կարգավիճակին վերադարձնելու որոշումը պիտի բարդացնէ կեանքը այստեղի քրիստոնեաներուն եւ Եւրոպայի մէջ՝ իսլամներուն: Սուրբ Սոֆիան մեր հարուստ պատմութեան խորհրդանիշն էր: Անոր գմբէթը բաւական մեծ էր բոլորին համար»:
Նշենք, որ այս որոշումին առիթով Ֆրանսիս պապը յայտարարեց, թէ այս «շատ տխուր է», մինչ ԵՈՒՆԵՍՔՕն այս գծով «խոր ցաւ» յայտնեց, իսկ Ուաշիկթըն՝ «յուսախաբութիւն»։
Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը եւս քննադատեց որոշումը՝ կոչ ընելով Անգարային, որ բեկանէ Այա Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը:
Որոշումը խստօրէն քննադատեց նաեւ Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակին արժանացած թուրք գրող Օրհան Փամուք՝ նշելով, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ, որ երկիրը աշխարհիկ չէ այլեւս։