
Ընթացիկ տարուան մշակութային ձեռնարկները ընդհատուեցան աննախադէպ կերպով, սակայն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, պատշաճելով համաճարակին պատճառով ստեղծուած պայմաններուն՝ աշխոյժօրէն կը շարունակէ իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ օգտուելով համացանցի դրութենէն։ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորն ալ իր կարգին կը շարունակէ իր ծրագիրները առցանց:
Գրական միաւորի գրաբարի դասընթացքը, որ սկսած էր Սեպտեմբեր 2019ին, Լիլիթ Խաչատրեանի դասաւանդութեամբ շարունակեց իր ընթացքը՝ zoom-ով։ Լիլիթ Խաչատրեան բանասիրական գիտութիւններու թեկնածութիւնը ստացած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանէն եւ ներկայիս կը բնակի Լոս Անճելըս։ Գրաբարի դասընթացքը դադրեցաւ Մայիսին, նոյն թափով վերսկսելով Սեպտեմբերին։

Գրական միաւորը վճռած էր աշխոյժ մնալ եւ գրաբարի դասընթացքը ժամանակաւորապէս փոխարինեց դասախօսութիւններով ՝ «Հայոց Պատմութիւնը Լուսարձակի Տակ» ընդհանուր խորագիրին տակ։ Յունիս ամսուան դասախօսն էր պատմաբան դոկտ․Կարօ Մոմճեան՝ նիւթ ունենալով հայ ժողովուրդի ծագումը եւ զարգացումը։ Մոմճեան մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
Ներկայիս դասախօսն է պատմաբան դոկտ․ Արդակ Մովսիսեան, որ Յուլիս ամսուան Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ PST պիտի դասախօսէ «Հայաստանի Հնագոյն Պատմութեան Նորայայտ Էջերը» խորագիրով։ Արդակ Մովսիսեան Երեւանի Պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն է:

Այս դասախօսութիւններուն աւարտին մասնակցողները դասախօսին հետ կ՛ունենան զրոյցի եւ հարցում-պատասխանի առիթ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք մեզի հետ կապուիլ hazkayinlectureseries2020@gmail.com ե-հասցէով կամ Դիմատետրի վրայ այցելելով Hamazkayin Western Region Literary Group էջը: