ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 20 Յուլիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի ընդհանուր 34,981 պարագաներ, որոնց 23,502ը ապաքինած են: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը:
Ներկայ դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ բուժում կը ստանան 10,620 վարակակիրներ: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած են 147,108 քննութիւններ: Այսպիսով, կան «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 104 նոր պարագաներ եւ 208 ապաքինածներ: Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած են մահուան 650 պարագաներ։