ԺԸՆԵՒ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը կ՛արագանայ, կոչ ընելով բոլորին, որ յարգեն հեռաւորութիւն պահպանելու եւ դիմակ կրելու պահանջները։ Շեշտուեցաւ, որ վերջին վեց շաբաթներուն հիւանդացածներուն թիւը կրկնապատկուած է։
Վարակակիրներուն թիւը արդէն անցած է 16 միլիոնի սահմանը, իսկ զոհերուն թիւը՝ 650,000ի։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 26 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 48 ժամերուն ընթացքին վարակուած 63 քաղաքացիներ մահացած են եւ արձանագրուած են 3719 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 173,995 վարակումներ եւ 4360 մահեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 459,000 վարակումներ եւ 8455 մահեր:
Ներկայիս աւելի քան 4․4 միլիոն վարակակիրներով եւ գրեթէ 150,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 2.4 միլիոն, 1․5 միլիոն եւ 818,120 վարակուածներ: