ՓՈՐԹԼԸՆՏ, «Էյ․Փի․»․- Ազգայնամոլութեան եւ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ եւ սաեւամորթներու իրաւանց պաշտպանութեան համար աւելի քան երկու ամիս առաջ Միացեալ Նահագներու տարածքին սկսած ցոյցերը շարունակուեցան։
Մեծաթիւ մասնակցութեամբ ցոյցեր տեղի ունեցան Փորթլընտի, Օքլընտի եւ Սիէթըլի մէջ, իսկ Թեքսասի Օսթըն քաղաքին մէջ ցուցարար մը սպաննուեցաւ ազգայնամոլի մը կողմէ, որ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ։
Միւս ցոյցերուն ընթացքին տասնակներով ցուցարարներ ձերբակալուեցան եւ վիրաւորուեցան տասնեակներով ոստիկաններ եւ ցուցարարներ։