ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով շնորհեց իր «Մարդասիրութեան» մրցանակը, որ յանձնուեցաւ 17ամեայ շուէտացի բնապահպանութեան գործիչ Կրեթա Թունպերկին։ Ան պարգեւատրուեցաւ իր «յամառ պայքարին» եւ այդ պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու իր կարողութեան համար։
Մրցանակին կ՛ընկերանայ նաեւ գրեթէ մէկ միլիոն եուրօ պարգեւ մը։ Թունպերկ յայտարարեց, որ ամբողջ գումարը պիտի փոխանցէ կենսոլորտի պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն եւ ծրագիրներուն։