ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Սանա»․- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց քիւրտերու կողմէ ղեկավարուող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ ամերիկեան «Տելթա Քրեսընթ Էնըրճի» ուժանիւթի ընկերութեան միջեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քարիւղի արտադրութեան եւ մշակման վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրը, զայն անվաւեր եւ «գողերու միջեւ կնքուած համաձայնութիւն» որակելով:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս արձագանգած է համաձայնագիրին՝ նշելով․ «Սուրիոյ բնական հարստութիւնները կը պատկանին սուրիացի ժողովուրդին: Մենք ափսոսանք կը յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի այս քայլին, որ կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքները: Ասիկա ոչ մէկ օրինական դրդապատճառներով կրնայ արդարացուիլ, ասիկա բոլորովին անընդունելի է: