ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
1990ին, երբ դաշնակցական ականաւոր գործիչ Ակնունին Նիւ Եորքի մէջ հիմը կը դնէր Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) քաջ գիտէր, թէ իր պաշտելի կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախատեսած միութիւնը իր արմատները պիտի հաստատէր հայրենիքի եւ համայն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղթօճախներուն մէջ։
Այո, ան համոզուած էր կանացի եզակի այս կազմակերպութեան յաջողութիւններով, որովհետեւ անոր շարքերուն մէջ պիտի ընդգրկուէին գիտակից երիտասարդ ու զոհաբերող հայուհիներ եւ մանաւանդ՝ ամուր հայկական ընտանիքներ կերտող հայ մայրեր։ Այս հաստումներու լաւագոյն փաստը աշխարհատարած ՀՕՄի 110 տարիներու մարդասիրական գործունէութիւնն է։ Իր երազած հայրենիքի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ արմատաւորումն է։ Իր արդար ու խղճամիտ գործունէութիւնն է, իրեն դիմող անօթեւանին, ուսանողին ու կարօտեալին գուրգուրանք ցուցաբերելու հրամայականն է։
Այս բոլորի լոյսին տակ, բնական էր, որ ՀՕՄի մեծ ընտանիքը ձեռնածալ պիտի չմնար, ի տես տնտեսական ճգնաժամին եւ անոր զուգահեռ ընթացող համատարած «Քորոնա» ժահրի գործող ահաւոր աւերներուն։ Ոտքի է ՀՕՄի մեծ ընտանիքը, աշխարհատարած իր բիւրաւոր անդամներով եւ առանց խտրութեան օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ սփիւռքի եւ հայրենիքի կարիքաւոր անհատներու, ընտանիքներու եւ հանրութեան սպասարկող առողջապահական կեդրոններու։
Մարդասիրական այս ծառայութիւններու ծիրէն ներս, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020ին, յատուկ պատուիրակութեամբ մը այցելեց Շիրակի մարզ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարինէ Համբարձումեան եւ փոխատենապետ Սիլվա Եուզպաշեան, որոնց միանալու պատիւը ընծայուեցաւ նաեւ ինծի: Այցելութիւնը նպատակ ունէր Գիւմրիի Ինֆեկցիոն (վարակ- Խմբ.)եւ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան հիւանդանոցներուն նուիրելու այնքան էական երեք Քարդիոմոնիթոր (սրտաբանական- Խմբ.) բժշկական սարքաւորումներ։ Նկատի ունենալով «Քորոնա« ժահրի համաճարակով պարտադրուած սահմանափակումները, որոշուած էր բժշկական երեք սարքաւորումներու յանձնումը կատարել Շիրակի մարզպետարանին մէջ։
Առաւօտեան մեկնեցանք Գիւմրի, ուր մեզի միացաւ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատան գլխաւոր բժիշկ տոքթ. Վահրամ Միրզոյեան։ Ցաւ ի սիրտ պէտք է նշել, թէ Շիրակի Մարզպետարանին մէջ հանդիպեցանք Մարալիկ հիւանդանոցի խումբ մը բուժաշխատողներու, որոնք եկած էին իրենց բողոքը յայտնելու մարզպետին, հիւանդանոցին փակուելուն տխուր առիթով։ Սրտի ցաւով լսեցինք դժգոհութիւննրը, յաջողութիւն մաղթեցինք անոնց եւ ուղղուեցանք մարզպետարանի ընդունարանը, ուր մեզ դիմաւորեցին Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան, մարզպետարանի առողջապահութեան բաժինի պետ Լէյլի Ասլանեան եւ Գիւմրիի Ինֆէկցիոն հիւանդանոցի տնօրէն Աստղիկ Բէյբութեան։ Հադիպումը անցաւ շատ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Մարզպետը քաջածանօթ ըլլալով ՀՕՄի հայրենանուէր գործունէութեան 1988ի ահաւոր երկրաշարժի օրերէն, առաջին հերթին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄին եւ ընդգծեց անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը յատկապէս հայրենիքի մէջ։ Ապա, Մարինէ Համբարձումեան անդրադարձաւ այցելութեան նպատակին եւ ՀՕՄի Հայաստաի շրջանի լայնածաւալ գործունէութեան, իսկ Համեստ Պէօճէքեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց ՀՕՄի Հայյաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարած աշխատանքները։
Առիթը պատեհ նկատելով, մարզպետին յիշեցում կատարուեցաւ, որ 1988ի երկրաշարժի առիթով բացուած եւ երկար տարիներ շրջանի հայութեան օգտակար հանդիսացած ՀՕՄի Գիւմրիի Հոգեբանական կեդրոնի սեփականաշնորհման գործընթացքին լուծում տալու մասին։ Մարզպետը խոստացաւ հետապնդել հարցը եւ հարկն ու պատշաճը կատարել, միաժամանակ խնդրելով ՀՕՄի ներկայացուցիչներէն այդ գծով բացատրողական գրաւոր դիմում կատարել մարզպետարանին։
Այնուհետեւ, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարինէ Համբարձումեան, ՀՕՄի անունով Գիւմրիի Ինֆեկցիոն հիւանդանոցի տնօրէնին յանձնեց երկու Քարդիոմոնիթոր բժշկական սարքաւորումները եւ այնուհետեւ միասնաբար ստորագրեցին համապատասխան փաստատուղթը։
Յետմիջօրէին, տոքթ. Վահրամ Միրզոյեանի հետ մեկնեցանք ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատունը, որ իր գոյութեամբ եւ շրջանին մատուցած ծննդաբերութեան եւ առողջապահական ծառայութիւններով հպարտանք է բոլորիս։ Ծննդատան մուտքին մեզ ուրախութեամբ դիմաւորեցին ծննդատան բժիշկներէն տոքթ. Տիգրան Յարութիւնեանն ու գլխաւոր հիւանդապահուհի Սուսաննա Բաղդասարեանը։ Հոն էին նաեւ հինգ մայրեր, իրենց նորածիններուն հետ։ Անոնք եկած էին ստանալու իրենց պարգեւները՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած «Երկրորդ աղջիկ զաւկի ծնունդ տուած մայրեր»ու ծրագրի ընդմէջէն: Ծրարները յանձնեց Համեստ Պէօճէքեան։
Ապա շրջեցանք ծննդատան տարածքը եւ մօտէն ծանօթացանք անոր աշխատանքներուն եւ կարիքներուն: Ուրախալի էր իմանալ, որ ծննդատունը լիովին կը բաւարարէ անմիջական իր շրջապատի բնակիչներու առողջապահական կարիքները։
Նոյն օրը երեկոյեան, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան։ Ճամբուն վրայ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին եւ ծունկ մը աղօթք կատարեց եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած Գէորգ Էմինի շիրիմին առաջ, Աստուծմէ հոգիի խաղաղութիւն խդրելով մեծանուն բանաստեղծին։
Բնական է, միօրեայ այս առաքելութեամբ ՀՕՄի աշխատանքները չեն աւարտիր։ Կասկած չունինք, որ ՀՕՄի շարքերը իրենց գործունէութիւնը հաւատքով պիտի շարունակեն եւ համոզումով պիտի իրականացնեն կանացի այս մեծ կազմակերպութեան հետապնդած նպատակները, ջանասէր առաքեալները հանդիսանալով անոր սրբազան առաքելութեան։