ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Գ.
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչպէս նախընթաց ահաւոր կացութիւններու պարագային, նաւահանգիստի պայթումն ալ արդարօրէն խուճապային վիճակ ստեղծեց Լիբանանի մէջ, նոյն մթնոլորտին մէջ գրաւելով մեր գաղութի զաւակները: Եւ ինչպէս ամէն խուճապ, այս փուլն ալ կը յատկանշուի բարեմիտ զգացականութեամբ, որոշ իրատեսութեամբ եւ… սակարկութիւն չընդունող բաղձանքներու սակարանով:
Յառաջ անցնելէ առաջ, ընենք քանի մը կարեւոր հաստատում: Ինչ որ պիտի արձանագրենք այս սիւնակին մէջ, պէտք չէ ընկալել ոեւէ մէկուն տեսակէտին հակաճառելու, այս կամ այն ընտրանքը ջատագովելու կամ քննադատելու ակնոցով: Որովհետեւ կան հարցեր, որոնց շուրջ զգացական քննարկումները մեզ կը հասցնեն խօսքի աճուրդի, կը դիմագրաւենք այս կամ այն տեսակէտը ընդունելու կամ անոր դէմ ըլլալու հաւանականութիւնը: Մեր նպատակը այդ չէ:
Նոյնքան կարեւոր է հաստատել, որ 100 տարի առաջ, երէկ, այսօր եւ վաղը, հայուն համար բնակութեան, զարգացման եւ կենսագործելու լաւագոյն միջավայրն է իր մայր հայրենիքը, անկախ այն կարեւորութենէն, թէ Սփիւռքը՝ իբրեւ ամբողջութիւն, կամ զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր օճախ՝ ինչպիսի՛ կարեւորութիւն ու դերակատարութիւն ունեցած է եւ դեռ ունի մեր մայր հայրենքին ու հայութեան կեանքին մէջ: Այս հաստատումը ընելէ ետք է որ կ’արձանագրենք հետեւեալները:
Վերջին տարիներուն, մանաւանդ Լիբանանի տնտեսական ելեւմտական վիճակին արագ նահանջին լոյսին տակ, երկիրը լքելու եւ հեռանալու ալիքը ընդգրկեց շատեր (չմոռնանք, որ այս տագնապը չծագեցաւ պայթումին իբրեւ անմիջական հետեւանք, այլ անոր վերջին փուլը արագ խմորում ապրեցաւ-կ’ապրի աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, անոր մէջ, իսկականին եւ մարդակերտին-շինծուին սահմանները բաւական աղօտ են): Հայութիւնը բացառութիւն չէ: Քիչ մը ամէն տեղ ձայներ բարձրացան անգամ մը եւս, թէ հայութիւնը պէտք է հաւաքաբար տեղափոխել այլուր, նախընտրաբար հայրենիք: Որքան ալ բարեմիտ եւ հայրենասիրական-հայասիրական ըլլան նման կոչեր, մեծ մասամբ կը մնան ցանկալիին ու բաղձալիին սահմաններուն մէջ (կրկնենք. այս տողերը չենք արձանագրեր մէկուն հայրենադարձութիւնը քաջալերելու կամ անոր վրայ «պաղ ջուր թափելու» տրամադրութեամբ, այլ հաւատացողն ենք հայաստանակեդրոն հայութեան կենսագործման):
***
Արձանագրելէ ետք բաղձալին ու լաւագոյնը, պահ մը վերադառնանք պատմութեան եւ իրականութիւնները քննարկենք առարկայական հիմքի վրայ:
Մեր պատմութեան, ներառեալ գաղութներու պատմութեան մէջ, շատ հազուադէպ են այն դէպքերը, երբ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ կամ յստակ ծրագիրով տեղի ունեցած է այս կամ այն գաղութին ձեւաւորումը, զանգուածային կամ դանդաղ տեղափոխութիւն: Մեր խօսքը չի վերաբերիր Ցեղասպանութեան, երբ հայութիւնը ոճրագործ պետութեան մը որոշումով եւ բռնի միջոցներով բռնագաղթի մատնուեցաւ, ջարդուեցաւ եւ իր պատմական հայրենիքէն դուրս ցրիւ եկաւ: Ի մտի ունինք մասնակի քանի մը պարագայ, որոնցմէ են հետեւեալները:
Աւելի քան հազար տարի առաջ, երբ Հայաստան ինկաւ սելճուգ-թաթարական արշաւանքներու տակ, հայ նախարարներ, օրուան «տրամաբանութեան» անսալով, իրենց կալուածները փոխանակեցին Բիւզանդիոնի ենթակայ բերդերու եւ կալուածներու հետ, Հայաստանէն բաւական արեւմուտք, իրենց հետեւորդներով՝ ճորտերով եւ զինեալ խմբակներով տեղափոխուեցան այդ «ապահով» կալուածները (օր մըն ալ անհետ ձուլուելու եւ կորսուելու համար): Հայաստանի ժողովուրդին զանգուածը մնաց դարաւոր հայրենիքին մէջ, կրեց այդ ու հետագայ դարերու տառապանքները՝ պատմութիւնը ծանօթ է: Նման «հոսանք» ստեղծուեցաւ քիչ ետք, դէպի կիլիկեան ափեր, ուր քանի մը իշխաններ տեղափոխուեցան Հայաստանէն եւ իշխանութիւն, թագաւորութիւն հիմնեցին: Հայաստանի մէջ զանգուածը մնաց անշարժ: Պատմութեան մնացեալ էջերն ալ ծանօթ են: (Եգիպտոս եւ այլուր հասնողներուն պարագան ալ կարելի չէ մոռնալ):
Քանի մը դար ետք, Շահ Աբբաս որոշեց շուրջ 200 հազար հայ բռնի տեղափոխել դէպի Պարսկաստան, իր երկիրը հայ արհեստաւորներով եւ շինարարներով ծաղկեցնելու դիտաւորութեամբ: Շահին որոշումով իրականացած զանգուածային տեղափոխութիւնն ալ մասնակի շարժ էր եւ պատմութեան մնացեալ էջերը, իրենց տխուր եւ փայլուն երեսներով, ծանօթ են:
Թուրք-պարսկական, ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական դարաւոր պատերազմներուն հետեւանքվ ալ տեղի ունեցան մեծ ու փոքր տեղաշարժեր, որոշ խմբաւորումներ տարուեցան-փոխադրուեցան դէպի հիւսիսային Կովկաս կամ հարաւային Ռուսիա: Այս տեղափոխութիւններէն մաս մըն ալ արձանագրենք որոշումով կատարուած տեղափոխութեանց շարքին: Վստահաբար նկատելի է, որ այս բոլորը եղած են ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ԴՈՒՐՍ:
Դէպի Հայաստան որոշումով տեղափոխութեան ամէնէն պերճախօս պարագան՝ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած ներգաղթն էր (Արեւմտեան Հայաստանի պարպումով, Հայաստան տեղափոխուողներուն պարագան չենք արհամարհեր, սակայն անիկա եղաւ «բնական ընթացք»ով, նախորդ դարերու յիշեալ պատերազմներուն ընկերացած տեղափոխութեանց հետեւողութեամբ): ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ հայրենադարձութեան շրջագիծին մէջ կարելի է դիտել «Դէպի Երկիր» այն շարժումը, որ ուրուագծուեցաւ Արցախեան շարժումի սկզբնական շրջանին եւ Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն:
Վերոյիշեալներն ու նման շարժումներ հազուադէպ են: Այլապէս, Հնդկաստանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, եւրոպական երկիրներ, ներառեալ Լեհաստան եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ, իսկ աւելի ուշ՝ դէպի ամերիկեան ցամաքամաս, յետոյ, մեզի աւելի մօտիկ ժամանակներուն՝ դէպի արաբական Ծոցի երկիրներ հայութեան շարժումները եղած են «ինքնաբերաբար», տարուելով ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններէն: Բազմաթիւ գաղութներու (Եգիպտոս, Եթովպիա, Յորդանան, Իրաք եւ այլուր) մաշումն ու նօսրացումն ալ հետեւած է նոյն «տրամաբանութեան», երբ բարենպաստ պայմանները չքացած են: Իւրայատուկ պարագայ է Պաղեստին-Իսրայէլի հայկական գաղութին նօսրացումը: Հոն, կարեւոր ազդակ էր հրեաներուն այլամերժ, իբրեւ թէ բարեմիտ… վանողականութիւնը (բազմաթիւ հայեր «տակից» քաջալերանք եւ նիւթական որոշ «հատուցում» ստացած են, հեռանալու համար Իսրայէլէն: Սա չպեղուած երես մըն է…):
Նպատակ չունինք մտնելու գաղութներու կազմութեան ու նօսրացման-անհետացման պատմութեան ծալքերուն մէջ. այս բոլորը յիշեցինք՝ բացատրելու համար, որ գաղութներու կազմութիւնն ու մանաւանդ «ինքնալուծարք»ը ընդհարապէս չեն հետեւիր ՈՐՈՇՈՒՄի: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ունենալ աւելի՛ իրապաշտ եւ առարկայական մօտեցում, որքան ալ որ, ինչպէս նշեցինք մէկէ աւելի անգամ՝ ցանկալի ու բաղձալի է հայութեան մէկտեղումը մայր հայրենիքի հողին վրայ:
***
Այս ենթահողէն ու պատմական տուեալներէն մեկնելով, եթէ փորձենք քննարկել Լիբանանի (երէկ նաեւ՝ Սուրիոյ) հայութեան հայրենադարձութեան հարցը, պէտք է իրատեսութեամբ արձանագրել, որ նման շարժում ըստ էութեան տեղի կրնայ ունենալ – եւ արդէն տեղի կ’ունենայ – բնական ընթացքով: Եթէ մէկը կը ցանկայ հայրենիք երթալ եւ հոն հաստատուիլ, ի՞նչ արգելք կայ որ այդպէս ընէ՝ առանց որ մատնուի հոս-հոն ստեղծուող անտանելի կացութիւններու ճնշումին: Ատենին, սթալինեան օրերուն տեղի ունեցած ներգաղթի ալիքները ձեւով մը եղան բնական ընթացքով, իբրեւ արդիւնք ազգի գիտակից բնազդին (մի՛ ըսէք, թէ գիտակից բնազդ կ’ըլլա՞յ: Այո՛, կ’ըլլայ, եւ անիկա մարդս կը զատորոշէ կենդանական բնազդէն): Հայութեան զանգուածը բռնի կերպով հեռացուած էր մայր հողէն, կոտորակներ փրկուած էին կոտորածներէն, հայրենադարձութիւնը վերապրողներուն մէջ յարատեւ ապրում էր. եթէ կարելի չէր վերադառնալ Կիլիկիա, Վան, Մուշ ու Սասուն, խորհրդային Հայաստանը՝ անկախ Հայաստանի բնական շարունակութիւնը՝ կրնար փոխարինել այդ բոլորը (կուսակցական-գաղափարական նկատումներ պատճառ չեղան ընդհանուր ալիքին փշրուելուն): Սակայն ներգաղթը մնաց նեղ սահմաններու մէջ, ի՛նչ ալ որ էին հայրենի պետութեան անկեղծ զգացումներն ու փափաքները:
Հիմա, բնականաբար, ներգաղթի օրերու դաժան եւ սահմանափակող պայմանները չկան: Ուրեմն, կրկնենք, հայութեան հայրենադարձութիւնը ո՛չ սահմանափակում, ո՛չ ալ արգելք կը դիմագրաւէ: Եւ սակայն… (մի՛շտ այդ «սակայն»ը):
Հարցում. Հայաստան պատրա՞ստ է ընդունելու հայութեան մեծաթիւ տեղափոխութիւնը՝ Լիբանանէն, Սուրիայն կամ որեւէ այլ երկրէ, անկախ տուեալ գաղութին վտանգուած ըլլալէն կամ չըլլալէն: Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ խորհրդային տարիներուն՝ ծանօթ պատճառներով, իսկ անկախութեան յաջորդած՝ ահաւասիկ մօտաւորապէս 30 տարիներուն, Հայաստանի մէջ կարելի չեղաւ ստեղծել վիճակ ու պայմաններ, որոնք աշխարհացրիւ հայերը մղէին հաստատուելու մայր հայրենիքին մէջ, իբրեւ այլ երկիրներու մէջ յաջող եւ ընդհանրապէս անկաշկանդ գործարարներ՝ կարենային նման նախաձեռնութիւններու դիմել հարազատ հողի վրայ (չենք արհամարհեր յաջող գործատէրերու իրագործումները): Այս տողերը չենք արձանագրեր այսօրուան եւ անցեալի իշխանութիւնները ինքնանպատակ քննադատելու տրամադրութեամբ, սակայն… այս այսպէս է (ինչպէս կը սիրէ յաճախ կրկնել լիբանանահայ սիրելի բարեկամ մը): Շարունակելով նոյն մտահոգութիւնը, գիտենք, որ հայաստանաբնակ բազմահազար հայեր վերջին տասնամեակներուն արտագաղթեցին դէպի Արեւմուտք եւ նախկին խորհրդային երկիրներ, մինչեւ Կեդրոնահան Ասիա, իսկ վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին վերադարձողները միայն կոտորակ մը կը կազմեն (անոր մէկ կոտորակն ալ շուտով կը վերադառնայ գաղթավայր): Դեռ չենք խօսիր դրութեանց ու մշակոյթներու տարբերութեանց մասին. այո՛, բոլորս ալ հայ ենք, սակայն «մշակոյթներու» եւ մտայնութիւններու տարբերութիւնը փարատելու համար, կը կարօտինք քիչ մը երկար համակեցութեան, այդ ալ՝ այսօրուանէն աւելի՛ տանելի պայմաններու մէջ (ընդունինք նաեւ, որ հայրենադարձը այսօր Հայաստանի մէջ չի դիտուիր «աղբար»ի հոգեբանութեամբ, ինչպէս եղաւ ներգաղթէն ետք, սակայն «խրամատը» կը կարօտի բազմաթիւ եւ հետզհետէ ամրացող կամուրջներու…): Ասիկա իրագործելու համար, ընելիք գործ ունին հաւասարապէս՝ հայրենի պետութիւնը, կազմակերպութիւններ, սփիւռքեան կառոյցներ եւ քաղաքականացման ճամբուն մէջ նոր քայլերու հրաւիրուած հասարակութիւնը:
Հայրենադարձութիւնը ինքնաբերաբար պիտի չնշանակէ հայկական մօտակայ կամ հեռակայ օճախներու լուծարքը: Թիւի փոքրացումներ կամ բարձրացումներ (առաւելաբար Արեւմուտքի մէջ կամ Ռուսիոյ) տեղի կ’ունենան բնականաբար: ՀԱՐԿԱԴՐԱԲԱՐ ձեւափոխուող, փոքրացող կամ ուռճացող մեր գաղութները կը կարօտին իսկական կազմակերպուածութեան, հոգածութեան, ուր քաղաքական միտքը ըլլայ տիրապետող, եւ ո՛չ միայն հայապահպանումը եւ նման նկատառումներ, որովհետեւ մենք վկաներն ենք, թէ սփիւռեան օճախներ ինչպիսի՛ առաքելութիւն եւ դեր ունին մայր հայրենիքին ու մեր Դատին կենսագործման դիտանկիւնէն:
***
Սա, արդէն, մեզ կը տանի բոլորովին այլ մակարդակի մարտահրաւէրի մը:
Այս օրերուն, երբ կը խօսինք, կը քարոզենք Սեւրի դաշնագիրին ու «բաց մուրհակ» մը ըլլալու անոր արժէքին մասին, հայրենադարձութեան հրամայականը մեզ կը դնէ զայն իրականացած տեսնելու տարբեր մակարդակի վրայ:
Հարցում: Հայաստանի հողային տարածքն ու պայմանները (դէպի ծով ելք ունենալը, օրինակի համար) եթէ աւելի՛ նպաստաւոր ըլլային, արդեօք Հայաստան պիտի վարանէ՞ր ՈՐՈՇՈՒՄ տալու, որ հայութիւնը աւելի արագ թափով համախմբուի մայր հայրենիքին մէջ, գաղութներուն մէջ ալ վարանք պիտի ըլլա՞ր համապատասխան որոշում տալու: Կրնանք անվարան պատասխանել՝ ո՛չ: Ո՛չ մէկ վարանք պիտի կաշկանդէր հայրենի պետութիւնը, ո՛չ ալ հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատել ցանկացող հայը: Հայաստանը պիտի ըլլար գրաւիչ՝ իր բոլոր նախադրեալներով. Առեւտուր, ճարտարարուեստ, զբօսաշրջութիւն, շինարարութիւն, գիտական կալուած, արուեստներ եւ այսպէս՝ շարունակաբար:
Եւ թող ո՛չ ոք հարց տայ, թէ Լիբանանի ու Սուրիոյ (նաեւ այլ օճախներու) հայութիւնը տագնապեցնող ծանօթ վիճակները ի՞նչ կապ ունին մեր իրաւունքներուն կենսագործման՝ Սեւրի դաշնագիրը գործադրուած տեսնելու պահանջին հետ: Ունի՛ն: Անկասկա՛ծ ունին: Նման իրագործում՝ հայութիւնը պիտի դնէ բարեկամ երկիրներու աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը ունենալու նոր ճամբաներու մէջ: Մնացեալը՝ պիտի ըլլան մեր ապագայի պատմութեան նոր էջերը:
Ահա թէ ինչպիսի՛ դիտարկումով պէտք է նայիլ Լիբանանի եւ այլ գաղութներու պահպանման կամ չքանալու ընտրանքներուն, եւ անկէ հանել համապատասխան հետեւութիւններ: Մինչ այդ, ճիգ չխնայենք կազմակերպ պահելու համար վերականգնող եւ ապրող օճախները, այն գիտակցութեամբ, որ անոնց մասին «դուրսէն որոշումներ»ն ու «վճիռներ»ը առաւելաբար պիտի մնան բարի ցանկութիւններու սահմանին մէջ, իսկ մեր բանաստեղծը տեղ մը ըսած է. լոկ ցանկութեամբ հարցեր չեն լուծուիր: Լիբանանի հայութեան ի նպաստ հանգանակային եւ զօրակցական շարժումները արդէն մտած են գործնական փուլ, իսկ հայկական թաղերու եւ վնասուած կառոյցներու վերականգնումի գործնական քայլերը կ’ընթանան այն տրամաբանութեամբ ու հաւաքական կամքով, որ իբրեւ «դրամագլուխ» ունին նախընթաց փորձառութիւնները՝ սկսելով «քաղաքացիական պատերազմ»ի առաջին ամիսներէն եւ անցնելով տաք ու բարեխառն փուլերէն:
Կարդալ Նայեւ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Ա. եւ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Բ.