ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1951ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ աներհօր՝ Նահապետ Մելքոնեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles, CA 90068):
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Անի Մելքոնեան
Դուստրը՝ Միհրան եւ Թալին Թումաճան եւ զաւակը՝ Նշան
Դուստրը՝ Դալար Մելքոնեան
Քոյրը՝ Սագօ եւ Արմինէ Պետրոսեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Գէորգ եւ Լենա Մելքոնեան եւ զաւակը
Եղբայրը՝ Յարութ եւ Քերըն Մելքոնեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Վահէ եւ Փօլին Իկիտպաշեան եւ զաւակները
Եւ համայն Մելքոնեան, Մխճեան, Չագմագեան, Գլխունի, Թումաճան, Պետրոսեան, Իկիտպաշեան, Ալպինա, Գէօլեան, Ղուկասեան, Մշիկեան եւ Մէթքէֆ ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի Սանուց միութեան (Check made out to: Jerusalem Holy Translators Armenian Association, P.O. Box 63, Glendale, CA 91209), ի նպաստ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին , Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի՝ երեխաները քրիստոնէական կրթութեամբ դաստիարակելու համար կամ Պէյրութի Հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն (հաճեցէք ընտրել միայն մէկը):