ԳԷՈՐԳ ԽՏՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 11 Մարտ 1931ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Գէորգ Խտրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2020ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Valhalla Memorial Park Cemetery գերեզմանատան մէջ, 10621 Victory Blvd., North Hollywood, CA 91606.
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մատլէն (Պարսումեան) Խտրեան
Դուստրը՝ Քաթիա Խտրեան եւ Ժագ Կեցոյեան
Զաւակը՝ Ռոժէ եւ Շողիկ Խտրեան եւ զաւակենրը՝ Գէորգ եւ Քարինա
Դուստրը՝ Վիքի Խտրեան եւ զաւակը՝ Մոնթէ-Գրիգոր Յակոբեան
Դուստրը՝ Սիլվա Խտրեան եւ զաւակները՝ Վարագ, Հրակ եւ Հայկ Արմուտիկեան
Եղբայրը՝ Գարլօ եւ Անահիտ Խտրեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Վալենթին Թադէոսեան
Քոյրը՝ Մատլէն Գարամանլեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Մարօ Խտրեան եւ զաւակները
Եւ համայն Խտրեան եւ Պարսումեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել GoFundMe: In memory of Kevork Khadarian (500 trees planted).
ԳԷՈՐԳ ԽՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ վարչութեան նախկին ատենապետ Ռոժէ Խտրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԳԷՈՐԳ ԽՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետներէն Ռոժէ Խտրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։