ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն իմացանք, որ Դամասկոսի Հայոց առաջնորդարանին մէջ՝ մասնակցութեամբ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ առաջնորդ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանի, այսօր տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սուրիահայութեան յատկացուած նիւթական օժանդակութեան տրամադրումը Դամասկոսի կարիքաւոր հայ ընտանիքերուն:
Նիւթական օժանդակութեան տրամադրումը իրականացնելու համար, առաջնորդարանին կից կազմուած յատուկ յանձնաժողովը մօտաւորապէս 300 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու յանձնեց դրամական օժանդակութիւն, որմով մեր հայրենակիցները Դամասկոսի եւ արուարձաններուն մէջ գործող խանութներու ցանցէն կրցան ձեռք բերել սննդամթերք, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ եւ անձնական հականեխման պարագաներ:
Սուրիահայութեան յատկացուած օժանդակութեան յաջորդ բաժինը պիտի բաշխուի նաեւ Հալէպի եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններու 4750 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.