ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Միացեալ նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի գլխաւոր մրցակից Ճօ Պայտընի ամիսներ առաջ կատարած յայտարարութիւնները վերջերս կ՛ողողեն Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը։
Պայտըն լրագրողներու հետ զրոյցի մը պահուն յստակօրէն դիրք բռնեց նախագահ Էրտողանի դէմ եւ ըսաւ, որ զանազան եղանակներով պիտի գործակցին Թուրքիոյ ընդդիմութեան հետ ընտրութիւններու ճամբով գահընկէց ընելու համար նախագահ Էրտողանը։
Ուշագրաւ էր, որ այս տարուան Յունուար ամսուն կատարուած այս յայտարարութիւնը միայն վերջերս օրակարգի բերուեցաւ նոյն ինքն իշխանութեան կողմէ։ Քաղաքական վերլուծաբաններ ուշագրաւ կը տեսնեն այս երեւոյթը, որովհետեւ նախագահ Էրտողան անգամ մը եւս նոր առիթ մը գտած եղաւ տուժածի դրութեան մէջ ներկայանալու։
Շատերու համաձայն՝ Էրտողան իր ամբողջ քաղաքական կեանքին ընթացքին լաւագոյնս շահագործած է հասարակութեան տուժողին զօրակցելու հոգեբանութիւնը։
Հետաքրքրական բանավէճ մը ծագած է իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Կողմերը իրար կը մեղադրեն յատկապէս ալ այս ելոյթին՝ օրին պատասխան տրուած չըլլալուն համար։ Երբ ընդդիմութիւնը հարց կու տայ, թէ «ինչո՛ւ մինչեւ այսօր չպատասխանեցիք այս պնդումներուն», իշխանութեան շրջանակներն ալ կը պատասխանեն նոյն հարցումով, թէ «հապա դուք ինչո՞ւ չանդրադարձաք»։ Անշուշտ այս թոհուբոհին մէջ կ՛անտեսուի Էրտողանի հասցէին Պայտընի ուղղած մեղադրանքները։ Նիւթը կը քննարկուի լոկ «Ինչո՞ւ այսօր» հարցումին շուրջ։ Մինչդեռ Պայտընի խօսքերը բաւական ուշագրաւ են՝ նկարագրելով Թուրքիոյ արկածախնդրական միջազգային քաղաքականութիւնը։
Իրականութեան մէջ անգամ մը եւս իրար կը մերժեն էականը ու ռազմավարականը։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը անգամ մը եւս կը զրկուի երկրին համար ճակատագրական բնոյթ ունեցող հարցերու քննարկումէն, մինչ ժամանակաւոր շահեր կը հետապնդուին։