Դարձեալ վերամուտ է։ Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, հետեւելով Լոս Անճելըս գաւառի պաշտօնական սպասարկութիւններու հրահանգներուն` Արեւմտեան թեմի մեր ազգային բոլոր վարժարանները մեկնարկեցին 2020-2021 կրթական տարեշրջանի բացումը, այս անգամ առցանց՝ ինչպէս տարեվերջին, միշտ մեկնակէտ ունենալով մեր աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցչական կազմերուն եւ տնօրէնութիւններուն ապահովութիւնը։
Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ թանկագին աշակերտներուն ու լիայոյս ենք, որ 2020-2021 տարեշրջանը իր աւարտին կը հասնի բնականոն ու աւելի լաւ պայմաններով, միշտ հարուստ՝ մեր աշակերտներու փայլուն յաջողութիւններով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ