ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի զօրամասերէն մէկուն մէջ ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Խաչիկ Բաղդասարեան կորսնցուցած է գիտակցութիւնը, այնուհետեւ կարելի չէ եղած հիւանդանոցին մէջ անոր կեանքը փրկել։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնեց զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: