ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Միաւորուած օդանաւային շինարարական ընկերութեան միջեւ ստորագրուեցաւ «Սու-25»ի արդիականացման եւ վերանորոգման պայմանագիրը, «Պատրիոտ» ցուցահանդէսի կեդրոնին մէջ` «Բանակ-2020» միջազգային ռազմա-արհեստագիտական համաժողովի ծիրին մէջ:
Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Մակար Ղամբարեան եւ «Միաւորուած օդանաւային շինարարական ընկերութեան» գլխաւոր տնօրէնի վաճառքի գծով տեղակալ Իլեա Թարասենքոն:
«Բանակ-2020»ի ընթացքին կնքուած համաձայնագիրը կը հաստատէ օդանաւային համակարգի արդիականացման եւ աւելի կանուխ թողարկուած ինքնաթիռներու ամբողջական կենսական շրջագիծի պահպանման Միաւորուած օդանաւային շինարարական ընկերութեան իրաւասութիւնը: