ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեան հետեւեցաւ առաջին զօրամիաւորումին մէջ ընթացող հրամանատարական կազմի զօրավարժութեան ընթացքին:
Զօրամիաւորման հրամանատար, զօր. Ժ. Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ իրականացած են տեղազննման աշխատանքներ: Զօր. Գասպարեան յանձնարարականներ տուաւ հետագայ խնդիրներու կատարման ուղղութեամբ:
Զինուած ուժերու 2րդ եւ 4րդ զօրամիաւորումներուն մէջ ալ տեղի ունեցան հաւաք-խորհրդակցութիւններ եւ հաւաքներ:
Քննարկուեցան զինուորական ծառայութեան կազմակերպման վերաբերող շարք մը հարցեր, տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ, իսկ 4րդ զօրամիաւորման մէջ տեղի ունեցաւ զօրամասերու ստորաբաժանումներու հրամանատարներու եւ անոնց տեղակալներու հաւաքներ:
Հաւաքներուն նպատակն է՝ մասնակցողներուն հրամանատարական կարողութիւններու ու մեթոտական պատրաստուածութիւնը, բոլոր օղակներու հրամանատարներու փոխգործակցութիւնը եւ մասնագիտական որակներու կատարելագործումը: