ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի ճատրակի ընտրանին քաշուեցաւ առցանց Ողիմպիականէն, երբ Հնդկաստանի դէմ քառորդ աւարտականի առաջին հանգրուանին, համացանցի խանգարումի մը պատճառով, երբ արդիւնքը 2,5 – 2․5 էր, Հայկ Մարտիրոսեանի կատարուած քայլը չարձանագրուեցաւ ժամանակին եւ ան կամայականօրէն կազմակերպիչներուն կողմէ պարտուած հռչակուեցաւ: Հակառակ Հայաստանի բողոքին, կազմակերպիչները իրենց որոշումին վրայ հաստատ մնացին եւ իբրեւ բողոք՝ Հայաստան քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Յատկանշական է, որ Հնդկաստան-Ռուսիա աւարտական մրցումին եւս նման խանգարում մը պատահեցաւ եւ կազմակերպիչները ստիպուած այդ խումբերը համաախոյեաններ հռչակեցին։