ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ահմետ Չեթին պարագլուխն էր 24 Յուլիսին, Տեսինի մէջ խաղաղութեան պահանջով հանրահաւաք կազմակերպած հայերուն վրայ յարձակման փորձ կատարած ատրպէյճանցիներուն եւ թուրքերու խումբին։ Ան ձերբակալուեցաւ եւ պիտի դատուի «ատելութիւն հրահրելու» յանցանքով։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF-ը, 28 Օգոստոս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կ՛ողջունէ խաղաղ հայ ցուցարարներու դէմ թրքական յարձակման փորձը խստօրէն դատապարտած ֆրանսացի քաղաքական դէմքերը եւ կը յայտնէ, թէ իբրեւ տուժող կողմ պիտի ներկայանայ ամբաստանեալներու դէմ դատին ընթացքին։
Նշեալ յարձակումին թրքական վոհմակին պարագլուխը հանդիսացած եւ թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» շարժումի անդամ ֆրանսաբնակ Չեթինի գլխաւոր գործունէութիւնը կը թուի ըլլալ հակահայ գրգռութիւններու կազմակերպումը։ Ինքն էր նաեւ ֆրանսացի ծանօթ ժխտող Մաքսիմ Կոէնը բանախօսութեան մը համար հրաւիրողը։ Ան նաեւ ընկերային ցանցերէն կ՛ունենայ հայատեաց ելոյթներ։ Անոնց վերջիններէն մէկուն ընթացքին նոյնիսկ չվարանեցաւ ըսելու հետեւեալը. «Ինծի թող տան 2000 եուրօ ամսական եւ զէնք մը ու ես պէտք եղած գործը կը տեսնեմ Ֆրանսայի մէջ, ամէնուրեք»։
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը բողոք ներկայացուց ենթակային դէմ եւ անոր բողոքին ընդառաջելով է, որ ֆրանսական արդարադատութիւնը պիտի դատէ ենթական։
«Նման վարքեր տեղ չունին Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ եւ կրնաք վստահիլ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ անոնց դէմ անդուլ, անդադրում պայքար մղելու գծով», կ՛ըսուի Հայ Դատի յանձնախումբին հրապարակած 19 Օգոստոս թուակիր հաղորդագրութեան մէջ։
Կը հաղորդուի, թէ թրքական գաղտնի գործակալութիւնները արդէն շարժման անցած են Ֆրանսայի դէմ։ Ֆաշական գաղափարներով Չեթինի հսկողութեան տակ առնուելէն ետք, թրքական «ելեկտրոնային բանակ»ը խոստացած է «կոտրել ձեռքերը անոնց, որոնք կը դպչին «Գորշ գայլեր»ու անդամ, ազգայնական մեր եղբօր»։