Իրաքի Թաժի ռազմակայանէն ամերիկեան ուժերու հեռանալէն քանի մը օր ետք, շուրջ 20 սէուտցի զինուորներ Մասհուտ Ճաղաֆի անունով սէուտցի սպայի մը ղեկավարութեամբ` մուտք գործած են Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Շատատի ռազմակայանը, կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Սէուտցի զինուորները անցեալ Չորեքշաբթի օր Շատատի ռազմակայան մուտք գործած են` ընկերակցութեամբ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի շարասիւնի մը, որ հեռացած էր Իրաքի մէջ Թաժի ռազմակայանէն:
Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ ցեղախումբերը նախապէս յայտարարած էին, թէ կը մերժեն սուրիական հողերուն վրայ որեւէ օտար ներկայութիւն:
Սուրիական ցեղախումբերու շէյխերու եւ ականաւոր դէմքերու խորհուրդը կոչ ուղղեց` միասնական կերպով դէմ կանգնելու ամերիկեան եւ թրքական բռնագրաւումներուն: