
ԹՐԱՄՓ «ԱՊՈՒՇ» ՈՐԱԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆԸ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Արտասովոր պնդումներու վայրի վերածուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի մամլոյ ասուլիսներուն 31 Օգոստոսի տարբերակը իրականութիւնը անտեսելու նոր մրցանիշ մը հաստատեց։
Արդարեւ, Թրամփ պնդեց, թէ անցեալ շաբաթ Ուիսքանսըն նահանգի Քընոշա քաղաքին մէջ ցուցարարներուն վրայ յարձակելու համար Իլինոյէն ժամանած մարդասպանը, որ երկու ցուցարարներ սպաննեց եւ 3րդ մը վիրաւորեց, ինքնապաշպանութեան կը դիմէր․․․
Պատմութիւնը դարձեալ գրելու իր ջանքին մէջ, Թրամփ ըսաւ, որ ցուցարարները զինեալին վրայ յարձակեցան՝ անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ցուցարարները կը փորձէին զայն զսպել առաջին մարդասպանութենէն ետք։
Թրամփ նաեւ ցաւ յայտնեց իրեն համակիր ազգայնամոլի մը՝ Փորթլընտի մէջ սպանութեան համար։
Երեքշաբթի օր, դէպի Քընոշա իր ճամբուն վրայ, Թրամփ նաեւ «ապուշ» եւ «անիշխանականներու պաշտպան» որակեց Քընոշայի քաղաքապետ Ճան Անթառամեանը՝ պնդելով, որ քաղաքը ամբողջութեամբ պիտի այրէր, եթէ ինք ազգային պահակագունդը չուղարկեր հոն։ Իրականութեան մէջ, պահակագունդը նահագնապետին որոշումով ղրկուած էր․․․
Նշենք, որ Անթառամեան քաղաքին մէջ տիրող խիստ լարուած պայմաններուն պատճառով, չայցելելու կոչ ըրած էր Թրամփին։
Յիշեցնենք, որ այս քաղաքին մէջ ոստիկաններ կռնակէն կրակած էին սեւամորթ անզէն երիտասարդ Ճէյքըպ Պլէյքի վրայ, անոր երեք երեխաներուն առջեւ, ծանրօրէն վիրաւորելով զայն։
Յատկանշական է, որ Թրամփ հանդիպում չէ ծրագրած Պլէյքի ընտանիքին հետ, այլ պիտի տեսակցի ոստիկաններու հետ։
Հակառակ այն իրողութեան, որ զանզան քաղաքներու մէջ շարունակուող խռովութիւնները տեղի կ՛ունենան իր իշխանութեան օրերուն, նախագահ Թրամփ անոնց պատասխանատուն կը համարէ դեմոկրատները։
Հակադարձելով այս պնդումներուն՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն խստօրէն քննադատեց կացութիւնը հանդարտեցնելու փոխարէն զայն աւելի հրահրելու փորձերը՝ ըսելով, որ համերաշխութիւն փնտռողները պէտք է զինք նախագահ ընտրեն եւ ոչ թէ Թրամփը, որուն նպատակն է քաոս սերմանելով՝ իշխանութենէն չհեռանալ։