ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի պաշտպանուեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 1 Սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիսը եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Կերասիմոս Աւլոնթիսը։
Դաւիթ Տօնոյեան ողջունեց դեսպանին՝ պաշտպանութեան նախարարութիւն առաջին այցելութիւնը եւ շնորհաւորեց ռազմական կցորդը՝ Հայաստանի մէջ առաքելութիւն ստանձնելուն առթիւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-յունական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր՝ կարեւոր նկատելով համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու վերացումէն ետք համագործակցութեան միջոցառումներու անյապաղ վերսկումը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու եւ քննարկումներու իրականացումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու: Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ որոշ դերակատարներու ծաւալած ապակառուցողական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք լարուածութեան աճի հնարաւոր զարգացումները:
Դեսպան Թուրնաքիս իր կարգին անդրադարձաւ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին: