ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հազուագիւտ գառնանգղերու զոյգը (Gypaetus barbatus Linnaeus) Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարանի (CWR) անտառապահներու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի: Արդարեւ, անտառապահ Մանուկ Մանուկեան կրցած է շատ ուշագրաւ լուսանկարներ առնել: Այս մասին կը տեղեկացուի Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկի (FPWC) «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Գառնանգղը կամ մօրուքաւոր անգղը Հայաստանի կենդանիներու կարմիր գիրքին մէջ արձանագրուած տեսակ է եւ ունի յատուկ պահպանութեան կարիք: Անիկա բնակութիւն կը հաստատէ առաւելապէս բարձր լեռներու ժայռոտ տեղերը՝ գերադասելով խոր ժայռոտ կիրճերը, որպէս կանոն` ծովու մակերեսէն 800-2000 մեթր բարձրութիւններու վրայ: