ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքի Հայաստանի կառավարութեան մէջ: Այս մասին յայտնեցին Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:
Առաջին փուլին, 24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքի, անոնք եկած են Գանատայէն, Դանիայէն, Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Նորվեկիայէն, Իսրայէլէն, Հոլանտայէն եւ Չինաստանէն։ «Քորոնա» ժահրը արգելք չհանդիսացաւ, որ անոնք կարենան հասնիլ Հայաստան։
Ծրագիրին մասնակցողներուն ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։ Յանձնակատարը յոյս յայտնեց, որ անոնք հայրենիքի մէջ կ՛ունենան անփոխարինելի աշխատանքային փորձառութիւն:
Այնուհետեւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Գապագեան եւ «RepatArmenia» հիմնարկի համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեան մասնակցողներուն ներկայացուցին հայաստանեան պետական մարմիններուն մէջ աշխատելաոճի առանձնայատկութիւնները եւ միջավայրին մէջ արագ համարկման համար գործնական խորհուրդներ տուին:
Նոյն գրասենեակէն յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրին եւ օդային սահմանափակ հաղորդակցութեան բերումով, ծրագիրին միւս մասնակցողները Հայաստան պիտի գան աւելի ուշ։