ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ձեռնոցը վերցնող ըլլայ:
Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատլանտեան Ուխտի այլեւս ոչ-իմաստուն կրաւորականութեան դիմաց, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Էրտողան իր յանդգնութեան թեւեր կու տայ: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ վառօդ բուրող լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, ան ասպարէզ կը կարդայ, բրտօրէն կը վիրաւորէ Ֆրանսայի եւ Յունաստանի իշխանութիւնները, նաեւ բոլոր անոնք որոնք կրնան անոնց զօրակցիլ:
Կիրակի օր, 1922ին Մուսթաֆա Քեմալի Յունաստանի դէմ տարած Յաղթանակի օրուան առիթով իր խօսած ճառին մէջ, Ռեչեփ Էրտողան Ֆրանսայի եւ Յունաստանի ղեկավարները կոչեց ընչաքաղց եւ անձեռնահաս, այսինքն՝ ագահ եւ անկարող, եւ եզրակացելով՝ թշնամիներու մարտահրաւէր ուղղեց:
Ըստ գնահատումներու՝ բնական կազի հսկայակական պաշարներ կան Միջերկրականի մէջ: Անոնց կ՛ուզեն տիրանալ Յունաստան եւ Թուրքիա:
Ռազմաշունչ յայատարարութիւններ կ՛ըլլան, ռազմանաւեր կը շրջին: Եւրոպան մտահոգ է: Պաշարները կը գտնուին Յունաստանի միջազգայնօրէն ընդունուած ծովային տարածքներուն մէջ: Բիրտ ուժին կռթնելով եւ օրէնք-իրաւունք շրջանցելով՝ Թուրքիա կ՛ուզէ այդ պաշարներուն տիրանալ, անտեսելով միջազգային կարգը:
30 Օգոստոսին, Անգարայի մէջ իր ճառին մէջ, առանց դիւանագիտական նրբութիւններու, ան բացորոշ կերպով սպառնաց թէ՛ Յունաստանին, թէ՛ Ֆրանսային.
« – Յոյն ժողովուրդը կ՛ընդունի՞ վճարել գինը վտանգին, որուն ենթակայ է իր ընչաքաղց եւ անձեռնահաս ղեկավարներուն պատճառով:
– Ֆրանսացի ժողովուրդը գիտէ՞ գինը, զոր պարտաւոր պիտի ըլլայ վճարելու իր ընչաքաղց եւ անձեռնհաս ղեկավարներուն պատճառով:
– Երբ հարցը կը վերաբերի կռուելու, մենք չենք վարանիր նահատակներ տալու… Հարցը հետեւեալն է. անոնք, որոնք Միջերկրականի (եւ Միջին Արեւելքի) մէջ կը ցցուին մեր դէմը, պատրա՞ստ են նոյն զոհողութիւններուն:
Հուսկ. Մեր թշնամիներուն կ’ըսենք՝ հրապարակ եկէ՛ք»:
Կրկին, Կիրակի 30 Յուլիսին, Թուրքիոյ արաքին գործոց նախարարութեան բանբերը բուռն կերպով հակազդեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն, քննադատեց Ֆրանսայի անցեալի կայսերապաշտութիւնը ե՛ւ մարտահրաւէր ուղղեց՝ ըսելով. «Բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն խոշորցնող հայելիի մէջ, ժամանակն է ընդունելու իրականութիւնը. անցած են այն օրերը, երբ կայսերապաշտները համատարածներու վրայ գիծեր կը քաշէին»:
Այսինքն՝ Ֆրանսայի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի սպառնալիքը զուր է:
Անկասկած դիւանագիտութիւնը պիտի գործէ: Բայց իրադրութիւնը այնպէս է, որ եթէ վաղը միջին եզրերու լուծում գտնուի անգամ, Էրտոան պիտի շարունակէ իր օսմանակայսերական երազը հետապնդել: Ֆրանսան, Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները ուշ կամ կանուխ պիտի գտնուին համաթրքական երազանքի ռազմապաշտութեան դիմաց: Այն ատեն Ռուսիան ալ պիտի մտնէ ռազմաքաղաքական խաղին մէջ, որպէս օրթոտոքսութեան պաշտպան՝ միաժամանակ թոյլ չտալու համար, որ իր սահմաններէն ներս ապրող թրքացեղ ժողովուրդները շահագործուին՝ բաւարարելու համար Ռեչեփ Էրտողանի փառասիրութիւնները, որոնք կը տարածուին մինչեւ Չինաստան, եւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ան հանդէս գայ Չինաստանի ույղուր փոքրամասնութեան որպէս պաշտպան, եւ զայն օգտագործէ որպէս միջոց իր ծաւալապաշտութեան իրականացման համար:
Անկախ միջազգային բարդ կացութենէն, Թուրքիոյ ռազմապաշտ եւ վիրաւորական վերաբերումը իր Ատլանտեան Ուխտի ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ նկատմամբ, վստահութիւն եւ համագործակցութիւն անկարելի պիտի դարձնեն:
«Մեր թշնամիներուն կ՛ըսենք՝ հրապարակ եկէ՛ք», կը յայտարարէ Ռեչեփ Էրտողան:
Այդ թշնամիները Լուսինի եւ Հրատի երկիրներ չեն: Յունաստանի զօրակցող երկիրներն են, որոնք կ՛ուզեն յարգուած տեսնել միջազգային համաձայնութիւնները:
Այդ թշնամիները համատարածներու վրայ, աշխարհի քարտէսին վրայ գիծեր քաշող կայսերապաշտներն են, որոնք առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերու աւարտին սահմաններ գծեցին, երկիրներ ստեղծեցին, արաբական աշխարհը դուրս բերին օսմանի կայսրութենէն եւ տիրապետութենէն:
Ժողովուրդներու եւ անոնց հայրենիքներու ազատագրութիւնը իրականացնելու կոչուած արդար սահմաններու գծումը իր աւարտին չհասաւ, չէ հասած, չհասցուցին, կայսերապաշտական մեղանչումներով: Այդ սարսա՞փը ունի Ռեչեփ Էրտողան, որ Հայաստանի ալ կը սպառնայ Ատրպէյճանին տիրութիւն ընելով եւ ըսելով, որ Հայաստան իր գլուխէն մեծ հարցերով կը զբաղի:
Ռեչեփ Էրտողան գիտէ, որ Թուրքիան բռնագրաւած է հայ ժողովուրդի հողատարածքը, իւրացուցած անոր անշարժ գոյքը եւ հարստութիւնները:
Հաշուետուութենէ խուսափելու համար, Ռեչեփ Էրտողան ստիպուած է վազելու առանց ետեւ նայելու, մինչեւ որ իր սպառնալիքին ենթակայ արեւմուտքը, Ռուսիան եւ Միացեալ նահանգները որոշեն վերջ տալ եաթաղանի սպառնալիքի քաղաքական խաղին:
Բայց կրկին համայն մարդկութիւնը սուղ պիտի վճարէ: Ուշադրութեամբ պէտք է կրկին կարդալ Ռեչեփ Էրտողանի բառերը. «Երբ հարցը կը վերաբերի կռուելու, մենք չենք վարանիր նահատակներ տալու… Հարցը հետեւեալն է. անոնք որոնք Միջերկրականի (եւ Միջին Արեւելքի) մէջ կը ցցուին մեր դէմը պատրա՞ստ են նոյն զոհողութիւններուն»:
Ի՞նչ կ՛ըսէ պատմութիւնը: Հեռաւոր աշխարհներէն բանակներ եկան հիթլերականութիւնը զգետնելու համար, պաշտապանելու համար քաղաքակրթութիւն եւ մարդկութիւն: Այսքան պատմութիւն գիտնալու է Ռեչեփ Էրտողան:
30 օգոստոսին, Ռեչեփ Էրտողանի Անգարայի ճառը զգուշացում չէ, իսկական մարտահրաւէր է:
«Կը հրաւիրենք մեր բոլոր խօսակիցները… հեռու մնալ ամէն կարգի սխալէ, որ պիտի առաջնորդէ իրենց քանդումին», ըսած է ան:
Գրաբարը գեղեցիկ խօսք ունի. «Ով զունկն ունէ լուիցէ»՝ ականջ ունեցողը թող լսէ: Եթէ կրաւորականութիւնը խլութիւն չէ:
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ պատերազմի յայտարարութիւնը: