ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «.Էյ.Փի.»- Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր համաճարակաբան Էնթընի Ֆաուչի Հինգշաբթի օր ընդունեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատուաստը կրնայ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան պատրաստ ըլլալ, սակայն շեշտեց, թէ տարվերջը աւելի իրապաշտ թիրախ մըն է։
Հաւանական է, որ պատուաստը նախ տրուի վտանգաւոր մարզերու մէջ աշխատող անձերու եւ տարեցներուն։
Այս շաբաթ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Հանս Քրիւկեն շեշտեց, թէ կառավարութիւնները պէտք է ստանձնեն աշխուժ ղեկավարող դեր, իսկ քաղաքացիրները պէտք է յարգեն տարածումը սահմանափակող միջոցները՝ կրկնելով, դիմակներ կրելու եւ մեծ հաւաքներէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը: Ան աւելցուց, որ զանազան երկիրներու մէջ նոր պարագաներու աճը հիմնականօրէն կապ ունի մեկուսացման դրութեան մեղմացման հետ: »Բազմաթիւ կառավարութիւններ, սեփական տնտեսութիւնը վերականգնելու համար՝ շտապեցին վերաբանալ տնտեսական գործունէութեան զանազան ճիւղեր«, ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 2 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ վարսայարդարները իրենց սովորականին քառորդ համեմատութեամբ կրնան վերադառնալ իրենց աշխատանքին, իսկ 14 Սեպտեմբերէն սկսեալ յատուկ կարիքներով երեխաները պիտի կարենան դպրոց վերադառնալ, մինչ մնացեալին դասաւանդումները պիտի շարունակուին առցանց։ Նաեւ նշուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 1457 վարակումներ եւ 51 մահեր:
Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 243,935 վարակումներ եւ 5878 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 1048ի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 722,069 վարակումներ եւ 13,339 մահեր:
Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 652,228 եւ 637,013 վարակումներ արձանագրուած են:
Առաւել քան 6.3 միլիոն վարակակիրներով եւ 190,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 4 միլիոն, 3.9 միլիոն եւ 1 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 124,057 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 68,560, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 65,816:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 26.3 միլիոն է, իսկ մահերունը՝ 870,000: Ապաքինած են 18.6 միլիոն վարակուածներ: