ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ քննութիւնները հաստատեցին, որ Գերմանիա տեղափոխուած ռուս այլախոհ Ալեքսէյ Նովալնի թունաւորուած է եւ այդ մասին յստակացում պահանջեց Մոսկուայէն։
Մինչ Գերմանիոյ յայտարարութեան իրենց ձայնը միացուցին Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕն, Սպիտակ տունը կը շարունակէ լուռ մնալ: