ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ: Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Այս առիթով, Լիբանան ժամանեցին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեան:
Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերին, Իշխան Սաղաթէլեան եւ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի եւ Մելիք Գարագաւորեանի, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը առաջին հերթին ներկայացուց «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ շեշտեց ստեղծուած ճգնաժամին մէջ Լիբանանի համայնքին սատար ու զօրավիգ հանդիսանալու ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցին ամբողջական պատրաստակամութիւնը:
Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով, որ այս օժանդակութիւնը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, ունի բարոյական խորիմաստ նշանակութիւն եւ գործնապէս կու գայ ապացուցելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հարազատ դրսեւորումը:
Սաղաթէլեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ լիբանանահայ համայնքին հանդէպ ունեցած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար վեհափառին նախաձեռնած ու հովանաւորած համահայկական նուիրահաւաքի աշխատանքին, որուն արձագանգած են Հայաստան, Արցախ եւ արտերկրի բոլոր համայնքները: Այս առիթով Արամ Ա. վեհափառը շեշտեց լիբանանահայ համայնքը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ Միջին Արեւելքի երկիրներու հայ համայնքները տակաւին մեծ առաքելութիւն ունին կատարելիք մեր ժողովուրդի համահայկական եւ համազգային տեսլականներու իրականացման գործին մէջ: Հետեւաբար, ան շեշտեց, որ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը եւ այդ աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութիւնը ունին կենսական նշանակութիւն:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու Հայաստանի եւ Արցախի ժամանակակից հրատապ հառցերուն մասին:
Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը վեհափառին փոխանցեց Հայաստանի ներքաղաքական կացութեան գծով կուսակցութեան տեսակէտները եւ դիրքորոշումները:
Կաթողիկոսը իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու առողջ եւ նպատակաուղղուած հունաւորումը ու այս ծիրին մէջ աշխատանքային գործադաշտերու լայն հնարաւորութիւննեռու ստեղծումը: