ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան շէնքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Անոնք քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր։
Վ արչապետը շեշտեց, որ բոլորին համար միանշանակ է, որ մենք միայն պետականութեան առկայութեամբ է, որ կրնանք երաշխաւորել մեր ժողովուրդի զարգացումը: «Ի հարկէ, Արցախն այսօր մեր համազգային օրակարգի ամենակարեւոր խնդիրն է, եւ ես ուրախ եմ, որ մենք ինչպէս նախկինում, այսօր էլ, ապագայում էլ մէկտեղելու ենք մեր ջանքերը տարածաշրջանում կայունութեան, խաղաղութեան երաշխաւորի մեր դերակատարումն իրականացնելու, Արցախի եւ Հայաստանի բնականոն եւ թռիչքաձեւ զարգացումն ապահովելու համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Արցախի վարչապետը վստահեցուց, որ հայկական աշխարհին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ապագան ոչ միայն երաշխաւորուած է, այլ նաեւ պիտի ունենայ զարգացման այնպիսի աշխոյժ թափ, որ պիտի դառնայ բոլոր հայերուն երազանքի երկիրը:
Արային Յարութիւնեան նաեւ հաստատեց, որ կողմերուն միջեւ իւրաքանչիւր հանդիպում իր արդիւնքը կու տայ, իր պտուղը կու տայ հետագայ գործունէութեան առումով։
Արցախի նախագահը աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ։
Յարութիւնեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պաշտպանութեան բանակին եւ զինուած ուժերուն միջեւ փոխգործակցութեան բարձր մակարդակէն՝ ընդգծելով, որ պաշտպանունակութեան եւ արտաքին անվտանգութեան հարցերը կը գտնուին թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իշխանութիւններու ուշադրութեան կիզակէտին: Ըստ Արցախի նախագահին՝ հայոց բանակը տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առումով մեծ դերակատարութիւն ունի, եւ այս պարունակին մէջ շարունակական ու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ պէտք է անընդհատ ընդլայնուին ռազմական կարողութիւնները:
Նախարար Տօնոյեան իր կարգին վստահեցուց, որ համադրուած ու համակարգուած աշխատանքներու միջոցով պիտի շարունակեն ամրապնդել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համակարգը: