ՃԱՔԱՐԹԱ, «Ռոյթըրզ».- Ինտոնեզիոյ Արեւելեան Ճաւա նահանգի մէկ շրջանի ղեկավարութիւնը որոշեց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ընթացքին առանց դիմակի շրջող անձերը պատժել` անոնց յանձնելով ժահրին պատճառով մահացածներու համար գերեզմաններ փորելու գործը:
Տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները լրագրողներուն յայտնեցին, որ շրջանը ծանրօրէն հարուածած համաճարակին պատճառով, գերեզման փորող միայն երեք հոգի մնացած էր, այնպէս որ այս «կողմնակի օգնութիւնը մեզի չի խանգարեր»:
Ինտոնեզիոյ մէջ վարակուածներու պաշտօնական թիւը հասած է 257,388ի, սակայն կը կարծուի, որ անոնց իսկական թիւը շատ աւելի բարձր է: