ՊՈԼԻՍ.- Հրապարակուեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ իրականացուող «Ատելութեան խօսքը մամուլին մէջ» նախագիծին պատրաստած նոր զեկոյցը: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած է 2019ին ցեղային, կրօնական եւ այլ խումբերու մասին թրքական մամուլին մէջ կիրառուած ատելութիւն ընդգրկող կամ սերմանող խօսքի ծաւալները եւ քանակը: Զեկոյցին համար ուսումնասիրուած էեն մամուլի 4364 հրապարակումներ, որոնց մէջ, ընդհանուր առմամբ, մօտաւորապէս 80 տարբեր խումբերու մասին օգտագործուած են 5515 ատելութեան խօսքեր:
Ատելութեան խօսքի թիրախ դարձած խումբերը հետեւեալներն են.
Հայեր՝ 803 ատելութեան խօսք
Սուրիացիներ՝ 760
Յոյներ (Յունաստանի)՝ 754
Հրեաներ՝ 676
Յոյներ (Թուրքիոյ, Կիպրոսի եւ այլն)՝ 603
Քրիստոնեաներ՝ 334:
Հայերը թիրախաւորուած են յատկապէս Խոջալուի դէպքերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով յօդուածներու մէջ: Ընդհանուր առմամբ ատելութեան խօսքի 51 տոկոսը հրապարակուած է տեղական, իսկ 49 տոկոսը հանրապետական ծաւալով մամուլին մէջ: