ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկման յանձնաժողովին մէջ քննադատեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ հրահրող հռետորաբանութիւնը եւ Անգարային կոչ ուղղեցին՝ դադրեցնելու նման գործողութիւններ: Այս մասին յայտարարեց յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Օսթրուփ Հենսըն:
«Անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ, որ՝ դառնալով Եւրոպայի խորհուրդի անդամ, Հայաստան eւ Ատրպէյճան ստանձնած են պարտաւորութիւն` իրենց վէճերը լուծելու խաղաղ ճամբով: Այդ պարտաւորութիւնը, որ դրուած է բոլոր անդամ-պետութիւններուն վրայ, նաեւ կը նշանակէ, որ բոլոր անդամ-պետութիւնները պէտք է զերծ մնան որեւէ գործողութենէ, որ կը դրդէ պատերազմող պետութիւնները` վէճերը լուծել ուժի միջոցով», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Այս պարունակին մէջ, յանձնաժողովին անդամները քննադատեցին Թուրքիոյ հրահրող հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաղորդեցին հակամարտութեան մէջ անոր ուղղակի մասնակցութեան մասին՝ անոր կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու այս գործելաոճը:
Հենսըն նշեց, որ վիշտով եւ տխրութեամբ ընդունեց ռազմական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած թէ՛ խաղաղ քաղաքացիներու եւ թէ զինուորներու մահուան վերաբերող լուրերը:
«Այդ ռազմական գործողութիւնները արագօրէն կը վերածուին լայնածաւալ պատերազմի, որ լրջօրէն կը սպառնայ տարածաշրջանի կայունութեան», կ՛ըսուի Հենսընի յայտարարութեան մէջ:
Յանձնաժողովին նախագահը շեշտեց, որ հարցի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: