ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 7 Հոկտեմբերին հեռաձայնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, շնորհաւորեց անոր ծննդեան տարեդարձը եւ քննարկեց իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Լուրը կը հաղորդէ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Զրոյցին ընթացքին երկու պետութիւններուն ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին իրավիճակը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
27 Սեպտեմբերէն՝ Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու բռնկումէն ի վեր, Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ունեցան չորս հեռաձայնային զրոյցներ: Փութինի եւ Ալիեւի հետ ցարդ հեռաձայնային զրոյց տեղի չէր ունեցած։