ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խորը ցաւով գուժեց մահը դաշնակցական ընկերներ, ՀՅԴ կամաւորական 2րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի, նոյն վաշտի ազատամարտիկներ Գէորգ Հաճեանի եւ Քրիստափոր Արթինի, որոնք նահատակուեցան Արցախի մէջ։
«Նրանք հերոսաբար ընկան Հոկտեմբերի 6ին` Արցախում, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան բարձունքի ազատագրման համար մղուած ծանր մարտում` ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամուն:
«Մեր հերոս ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքը` փառաւոր մի նոր էջով պսակելով մերօրեայ ազատագրական պայքարը», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած գոյժին մէջ։