ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը փայլուն գործողութեամբ ազատագրած է կորսնցուցած դիրքերէն մէկը, ինչպէս նաեւ փրկած օրեր առաջ թշնամիին դիմագրաւած եւ, նահանջելու փոխարէն, մօտակայ անտառին մէջ թաքնուած 19 հայ զինուորներուն կեանքը` սպասելով մեր զօրքի հակայարձակման իրականացման:
«Ի դէպ, այդ օպերացիայի (գործողութեան-Խմբ.) արդիւնքում, թշնամին ունեցել է զինտեխնիկայի մեծ կորուստներ, իսկ մարտադաշտում թողնելով աւելի քան հարիւր զոհ՝ արագ նահանջել է: Փա՛ռք մեր բանակին: Փա՛ռք Աստծոյ զօրութեանը», գրած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: