Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, Երեւանի Հանրապետութեան փողոցը սովորականէն աւելի մարդաշատ էր. ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի գրասենեակէն, ուր 27 Սեպտեմբերին ռազմաճակատ մեկնած էր ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի նուիրեալ ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան, կուսակից ընկերները զայն ճամբեցին յաւերժի ճամբով:
Գեղամ Մուշեղեան` ընկեր Գեղամը, արցախեան ռազմաճակատին վրայ` թշնամիին դէմ մարտերուն, հերոսաբար զոհուեցաւ 4 Հոկտեմբերին, իսկ այսօր ազատամարտիկի աճիւնը ամփոփուեցաւ հերոս զինակից ընկերներու կողքին` «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ:
«Ընկեր Գեղամը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի, ասիկա գիտակցուած անձնազոհութիւն էր` յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան: Ընկեր Գեղամը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին առաջնորդուած է նշանաբանով` յանուն հայրենիքի: Արցախեան վերջին 3 պատերազմներուն ալ ունեցաւ իր մասնակցութիւնը: 1991-94 թուականներուն մասնակցեցաւ արցախեան ազատամարտին, մասնակցութիւն ունեցաւ Մարտակերտի ազատագրման: 2016ի Ապրիլին հայրենիքը դարձեալ վտանգի մէջ էր, իսկ ընկեր Գեղամը Դաշնակցութեան գումարտակին հետ սահմանին էր», հրաժեշտի իր ելոյթին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու բնորոշեց, որ հայրենասիրութիւնը ընկեր Գեղամին համար գործ էր, ան այդ ապացուցեց իր կեանքով` միանալով Շահէն Մեղրեանին, Թաթուլ Կրպէեանին, Կարօտին, Պետոյին, Դուշմանին եւ միւս բոլոր ընկերներուն. Աւելցուց՝ ըսելով. «27 Սեպտեմբերի առաւօտեան թշնամին դարձեալ կ՛ուզէր նուաճել մեր հայրենիքը: Պատերազմի լուրը առնելէ վայրկեաններ ետք, ընկեր Գեղամը գրասենեակն էր, կը հառաձայնէր իր ջոկատի ընկերներուն` պէտք է մեկնէին սահման: Ժամեր ետք ընկեր Գեղամը սահմանին էր` իր երիտասարդ եւ աւագ ընկերներուն հետ, հայ զինուորի կողքին` յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի ապրելու իրաւունքին: Ընկեր Գեղամը կռուեցաւ մինչեւ վերջին շունչը` կուրծքով պաշտպանելով ընկերները եւ հայրենիքը», նշեց Իշխան Սաղաթէլեանն ու բոլորին անունով յայտարարեց. «Քու գործը պիտի շարունակենք: Արիւնով նուաճած, արիւնով ձեռք բերուած հայրենիք չունինք զիջելու: Քու եւ մեր միւս ընկերներուն արեան գնով նուաճուած հայրենիքը սակարկումի ենթակայ չէ: Այդ թող իմանան բոլորը»:
Գեղամ Մուշեղեանի մարտական ընկեր, ազատամարտիկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Իկոր Սարգսեան «Եռաբլուր»ի մէջ ազատամարտիկին վերջին հրաժեշտը տալէ առաջ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Չենք ողբար, կսկիծը մեր սիրտերուն ու գիտակցութեան մէջ յաղթական յառաջ պիտի երթանք: Անտրտունջ Գեղամը ինքզինք զոհաբերեց ամէն անգամ պատերազմի դաշտ մեկնեցաւ` պատրաստ զոհաբերուելու` յանուն կեանքի, յանուն ապագայի, յանուն իր սերունդներուն, եւ այսօր ան ֆիզիքապէս մեզմէ կը հեռանայ: Դեռ 40 օր պիտի մարտնչի ընկերներուն հետ, այնուհետեւ պիտի երթայ երկինքի արքայութիւն` միանալու մեր բոլոր նուիրեալներուն, որոնք ազգի պահպանութեան, պետականութեան, ապագայի համար մարտնչած ու զոհաբերուած են: Պիտի երթայ նուիրեալներուն մօտ` ըսելու, որ դաշնակցական մարտիկները կանգնած են ժողովուրդի կողքին, եւ պիտի երթայ զինուորին առջեւէն` իբրեւ հրամանատար, իբրեւ դաշնակցական մարտիկ: Փա՛ռք մեր բոլոր ննջեցեալներուն»:
Իկոր Սարգսեան զինակից ընկերոջ շիրիմին առջեւ խոստացաւ. «Ետ պիտի բերենք ամէն ինչ` մեր երազներու հայրենիքը, Հայկական բարձրաւանդակը, Արցախը, ամէն կորսուածը»: