ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ:
Նիստին, բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանական-թրքական ահաբեկչական յարձակումները դիմագրաւելու ուղղութեամբ գործողութիւնները եւ հետագայ քայլերը: