ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախը պատրաստ է առանց նախապայմաններու ստանձնել մարդասիրական պատասխանատուութիւնը, որ կը բխի կրակի դադրեցման համաձայնութենէն։ Այս հաստատումը կատարեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
Դիտել տալով, որ 27 Սեպտեմբերէն ի վեր Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչութեան կողմէ Արցախի ու հայ ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի՝ Յարութիւնեան հաստատեց, որ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հերոսաբար դիմադրել եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնել թշնամիին` պատճառելով մարդկային եւ զինամթերքի մեծ կորուստնէր: Ան դիտել տուաւ, որ մարտերուն ընթացքին իրենց լաւագոյնը կը դրսեւորեն նաեւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ իրենց փորձառութիւնը կը ներդրեն հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ դեր ունեցած անձնաւորութիւններ։
Ան ընդգծեց Ռուսիոյ եւ միջազգային հանրութեան աշխոյժ ջանքերը՝ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ եւ բարձր գնահատեց այդ առաքելութիւնը՝ յատկապէս անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի հաստատման համաձայնութեան, որ չյարգուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ։
«Հասկանում ենք, որ հակառակորդին զինադադար ստիպելու ընդամէնը մի ճանապարհ ունենք` պարտադրել զինադադար: Մենք կողմ ենք առանց նախապայմանների սկսել հումանիտար առաքելութեան առումով ստանձնած պատասխանատուութիւնը եւ յետագայում շարունակել բանակցութիւնները խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ, չնայած արդէն իսկ անհնարին է խաղաղ ճանապարհով, բայց ուշ չէ», նշեց Արցախի նախագահը:
Ան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ հակառակորդը ընտրած է այլ ուղի՝ բնաջնջելու առաջին հերթին արցախահայութիւնը, յետոյ, յաջողութեան պարագային, նաեւ Հայաստանը: «Մենք աւելի ծանր ժամանակներ էլ ենք ունեցել 1992-1994 թուականներին, երբ մարտական գործողութիւններ էին ընթանում Գանձասարի մատոյցներում, Ասկերանի, Մարտունու, Հադրութի եւ այլն: Մեզ յաջողուել է յաղթել, որովհետեւ հաւատում էինք յաղթանակին: Այսօր էլ հաւատում ենք, որ յաղթելու ենք, մեզ պէտք է համախմբուել, մեզ պէտք է միաւորուել եւ ամենակարեւորը` մասնակցել մարտական գործողութիւններին: Ակնկալում եմ իմ եղբայրների ակտիւ մասնակցութիւնը, սփիւռքում ապրող ղարաբաղցիների, Հայաստանում ապրող մեր եղբայրների:
Օրհասական պահն է այսօր: Մենք պէտք է պատուով շարունակենք ապրել. այդ իսկ պատճառով կոչ եմ անում ոչ միայն նիւթական, ինչը շատ կարեւոր է, եւ ես շնորհակալ եմ բոլորիդ, այլեւ ֆիզիքական մասնակցութեան: Մենք դրա կարիքը զգում ենք», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Աւելի ուշ նախագահը այլ կոչով դիմեց նաեւ արցախահայ զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք այդ օրերուն կը գտնուին Հանրապետութենէն դուրս։
«Մեր հայրենիքն այսօր առաւել քան երբեւէ բոլորիս պաշտպանութեան կարիքն ունի: …Մենք պատմականօրէն բացառիկ հնարաւորութիւն ենք ունեցել ազատ եւ անկախ պետականութիւն ունենալու, որի համար մէկ անգամ արդէն մեծ գին ենք վճարել: Սա մեր վերջին ճակատամարտն է, որն իրաւունք չունենք զիջելու, որտեղ դասալքութիւնը հաւասարազօր է դաւաճանութեան: Այստեղ տէրը մենք ենք եւ իրաւունք չունենք ոսոխին ներս թողնելու եւ թոյլ տալու, որ նա պղծի մեր սրբութիւնները: …Շտապէ՛ք միանալ ձեր եղբայրներին, ովքեր անսասան կանգնած են իրենց հայրենի հողի վրայ, ովքեր սահմանին կանգնելով, հաց թխելով, մեքենայ վարելով առաջնագիծն ու թիկունքը դարձնում են ամուր ու աւելի ուժեղ: Ե՛տ դարձէք, քանի դեռ ուշ չէ, քանի որ բոլորիդ արարքները գնահատելու են ժողովուրդն ու պատմութիւնը: Անէծքի փոխարէն`ընտրէք օրհնութեան ճանապարհը: Արցախը սպասում է բոլորիդ», յայտնեց նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։