ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 14 Հոկտեմբերին ռուսական ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր երկիրը համաձայն չէ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ դիրքորոշման, եւ թէ հակամարտութեան ռազմական լուծում մը անընդունելի է՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա իր քայլերուն մէջ պէտք է «թափանցիկ» ըլլայ։
«Մենք երբեք Թուրքիան նկատի չենք ունեցած իբրեւ մեր ռազմավարական դաշնակից։ Անիկա սերտ գործընկեր է, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ այդ գործընկերութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ իրենք համաձայն չեն Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած դիրքորոշման, որ նաեւ քանի մը անգամ հնչեց նախագահ Ալիեւի կողմէ։ «Գաղտնիք չէ, թէ մենք համաձայն չենք յայտարարութեան մը, թէ հակամարտութեան ռազմական լուծում մը արտօնելի է։ Մոսկուա կ՛աջակցի այն տեսակէտին, թէ Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան միայն խաղաղ լուծում մը կարելի է»։
Լաւրով շեշտեց, որ Ղարաբաղի տագնապը կրնայ քաղաքական լուծում ունենալ՝ աւելցնելով, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին կողմէ պատրաստուած եւ տակաւին պատրաստուող առաջարկներ բանակցութեան սեղանին վրայ են եւ անոնց բովանդակութիւնը յայտնի է։
«Անիկա քայլ առ քայլ ազատագրում մըն է Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու՝ յարգելով Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքները նախքան անոր վերջնական կարգավիճակի ճշդումը», ըսաւ Լաւրով։
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ վերջին շրջանին քննարկուած եւ կողմերուն կողմէ լրջօրէն ընկալուած բոլոր համաձայնութիւնները, առաջին փուլին կ՛ենթադրեն 5 շրջաններու ազատում՝ 2 շրջան ձգելով երկրորդ փուլի, ինչպէս նաեւ 2րդ փուլին ձգելով Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը։
«Առաջին փուլին, բացի երկու շրջաններու ազատումէն, պիտի արգելափակուէին բոլոր հաղորդակցութիւնները, տնտեսական կապերը, փոխադրամիջոցային կապերը, եւ խաղաղապահները պիտի տեղակայուին՝ զինուորական գործողութիւններու չվերսկսիլը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Լաւրով՝ սակայն նոյն ատեն ընդգծեց, որ զինադադարի ստուգման գործիքակազմը խաղաղապահ առաքելութեան հետ կապ չունի, գործիքակազմը պէտք է գործէ շփման գիծին վրայ, անիկա 5 շրջանները չեն, որոնք, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջարկներուն համաձայն, պէտք է տրուին առաջին փուլին մէջ։
«Հիմա նոյնիսկ ոչ թէ խաղաղապահները, այլ զինուորական դէտերը կրնային ապահովել կրակոցի դադրեցման պահպանումը։ Անոնց տեղակայումը բաւարար պիտի ըլլար։ Մենք կը գտնենք, որ անիկա միանգամայն ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ մեր զինուորական դէտերը ըլլային, սակայն վերջնական խօսքը կողմերունն է։ Անկասկած, մենք կը մեկնինք այն բանէն, որ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ նկատի պիտի առնեն մեր ռազմավարական եւ գործընկերային յարաբերութիւնները», ըսաւ Լաւրով։
Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ իր եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ մարդասիրական զինադադար կնքելու շուրջ կնքուած համաձայնագիրին՝ Լաւրով ընդգծեց, որ անոնք բացառիկ բանակցութիւններ էին։