ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ ռազմական ապրանքներ դէպի Թուրքիա արտածելը կասեցնելուն համար։
Վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին: Զրուցակիցին ուշադրութեան յանձնուեցան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ կործանարար ներգրաւուածութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուելու այդ երկրին անընդունելի նկրտումները:
Ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի անխափան կիրառման սկզբունքային նշանակութիւնը:
Գանատայի վարչապետը խոր մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին գծով եւ յոյժ կարեւոր նկատեց տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելը։