ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ»․- Միլան քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը ճանաչաւ Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումները եւ բռնարարքները:
Միաձայնութեամբ հաստատուած բանաձեւին մէջ քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ կը յանձնարարէ Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն, որ դիմեն Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու խնդրանքով:
«Ճանաչումը կրնայ հանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ պիտի դնէ լռութեան, որ սկսած է դառնալ յանցագործութեան մեղսակցութիւն», կ՛ըսուի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումին մէջ: