ԻՐԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁԱ՞Ծ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԵԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես».- Իրանեան «Ազարիհա» ալիքը տեսանիւթ մը հրապարակեց` ցոյց տալով ատրպէյճանական զօրքերու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք աւերուած իրանցիներու տուները:
«Իրանի սահմանամերձ բնակավայրերու տուները քանդրուած են Պաքուի գործողութիւններուն պատճառով», հաղորդեց իրանեան ալիքը եւ յիշեցուց, որ Ատրպէյճան նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր կ՛ուղարկէ Իրան եւ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներ տեղակայած է Իրանի սահմանին վրայ:
Միւս կողմէ, «Մամուլ» կայքը կը գրէ, թէ ըստ Discover24ի, Իրան Ուրբաթ օր հարուածներ հասցուցած է Ատրպէյճանի սահմանային դիրքերուն, երբ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք մը մտած է իր օդային տարածքէն ներս եւ զգետնուած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ: