ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիան Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 2 միլիոն եուրօ (աւելի քան 2.3 միլիոն տոլար) պիտի յատկացնէ Ատրպէյճանի յարձակումներէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղին՝ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
Այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաաս:
«Կարմիր խաչը, որ ներկայիս միակ մարդասիրական կազմակերպութիւնն է, որ մուտք ունի դէպի հակամարտութենէն տուժած տարածաշրջանը, խնդրած է միջազգային հանրութեան 9 միլիոն եուրօ շտապ օգնութիւն յատկացնել: Գերմանիան պիտի յատկացնէ 2 միլիոն եուրօ», ըսաւ Մաաս 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին:
Նախարարը շեշտեց, որ եղանակային հանգամանքներով պայմանաւորուած՝ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին` սննդամթերք մատակարարելու վտանգին հարցը:
Մաաս նաեւ կոչ ուղղեց կողմերուն դադրեցնելու կրակը առանց որեւէ նախապայմանի` աւելցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ` հրադադար ապահովելու համար: «Կողմերը պէտք է վերջապէս հասկնան, որ տագնապի ռազմական լուծումը անընդունելի է միջազգային հանրութեան կողմէ», աւելցուց նախարարը: