Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Նոր Դեմոկրատներ ընդդիմադիր կուսակցութեենէն խորհրդարանի անդամ Ճեք Հերիս խորհրդարանի Արտաքին հարցերու եւ միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքին։
Բանաձեւը 29 Հոկտեմբերին վաւերացուեցաւ: Անոր մէջ յստակօրէն կը նշուի, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է յստակ վերահսկողութիւն հաստատէ գանատական այն ընկերութիւններուն վրայ, որոնք Թուրքիոյ զինուորական սարքեր կը վաճառեն։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ նման զինուորական սարքերու արտօնագիրներուն վերաբերող բոլոր թղթածրարները, որոնք վարչապետի գրասենեակին եւ Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան խորհրդատուական գրասենեակի տրամադրութեան տակ կը գտնուին, պէտք է տրամադրուին խորհրդարանի Արտաքին հարցերու եւ միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին։