Արցախի ճակատներուն վրայ հայկական բանակին եւ կամաւորական ջոկատներուն կողմէ մղուող հերոսական կռիւներուն կողքին, 27 Սեպտեմբերէն ի վեր տեսակաւոր կռիւներ կը մղուին թիկունքը՝ հայկական «կամաւորական բանակ»ի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ցամաքամասէ-ցամաքամաս, երկրէ-երկիր եւ քաղաքէ-քաղաք՝ հոն, ուր ՀՄԸՄի կազմակերպական միաւորներ կան, այնտեղ քարոզչական-ցուցական, դաստիարակչական-տեղեկատուական կռիւներու կը մասնակցին բազմահազար կամաւոր ՀՄԸՄականներ՝ իրենց վարչական կազմերով, անդամներով, սկաուտ-մարզիկներով եւ համակիրներու լայն շրջանակով:
Այս հաստատումը կատարեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերին, միութեան համահայկական կառոյցը ներկայացնող ատենապետներու առցանց ժողովը՝ մասնակցութեամբ 26 շրջանային եւ մեկուսի շրջաններու ատենապետներու, Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու:
Ժողովին բացումը կատարելով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Արցախի պատերազմին նահատակուած չորս անձնազոհ ՀՄԸՄականներուն՝ եղբայրներ Գէորգ Հաճեանի, Գրիգոր Ղազարեանի, Արիկ Գալստեանի եւ Արտակ Մարտիրոսեանի անմեռ յիշատակը: Ապա, ան ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմական այս պահուն ՀՄԸՄի ազգային-միութենական պարտաւորութիւնները՝ հանդէպ հայրենիքին ու ժողովուրդին: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը կատարեց գործնական շարք մը թելադրանքներ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին միութեան շարքերը ամբողջական զօրաշարժի ենթարկելու եւ համահայկական մեր կռիւին ի սպաս դնելու համար:
Յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան՝ ներկայացնելով պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ օրս ՀՄԸՄի Հայաստանի մասնաճիւղերուն կատարած աշխատանքները՝ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքներու սննդեղէնի, տնտեսական ապրանքներու եւ տաք հագուստներու օժանդակութիւն, նաեւ Արցախէն Հայաստան ապաստանած 175 մանուկներու եւ պատանիներու (6-16 տարեկան) ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներու կիրարկում: Վարդանեան նշեց, որ այսօր մեծ թիւով ՀՄԸՄական սկաուտներ կը ծառայեն հայկական բանակին եւ ի հարկին չեն զլանար իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերելու՝ յանուն հայ հողին եւ հայ կեանքին, հաւատարիմ՝ միութենական իրենց դաստիարակութեան եւ ազգային մեր գերագոյն նպատակներուն:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետին խօսքէն ետք, յաջորդաբար կարճ զեկուցումներ ներկայացուցին միութեան 25 շրջաններու ատենապետները, որոնք ընդհանուր գիծերով շեշտեցին, որ ՀՄԸՄի «կամաւոր բանակը» այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ոգի ի բռին մասնակից է մեր ժողովուրդի համահայկական կռիւին՝ իր աշխատանքները համադրելով հայկական դեսպանատուներուն, Հայ Դատի մարմիններուն եւ հայկական համայնքներու պատասխանատու կառոյցներուն հետ: ՀՄԸՄը ներկայ է գետնի վրայ կազմակերպուած բողոքի ելոյթներուն (ընդդէմ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանատուներուն), ներկայ է ընկերային ցանցերուն մէջ (դաստիարակչական, քարոզչական եւ տեղեկատուական լայն արշաւներով): Ներկայ է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներուն մէջ (Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ի նպաստ դրամահաւաքներով, Արցախի ու Հայաստանի կարիքներուն համար կատարուած հանգանակութիւններով եւ զանազան տեսակի ապրանքներու հաւաքման եւ առաքման աշխատանքներով): ՀՄԸՄը ներկայ է հո՛ն, ուր ազգային պարտականութեան թելադրանք կայ, հայրենիքի ու հայութեան օգնութեան կանչ կայ՝ Սիտնիէն մինչեւ Մոսկուա, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Պուէնոս Այրես, Մարսէյ, Միւնիխ, Սթոքհոլմ, Աթէնք, Հալէպ ու Պէյրութ:
Զեկուցումներու աւարտէն ետք, առցանց ժողովի վերջին բաժինով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտարարեց, որ առ ի զօրակցութիւն հայկական բանակին՝ աշխարհով մէկ միութիւնը կը ձեռնարկէ հայ զինուորներուն հասցէագրուած նամակարշաւի մը: Ան նաեւ շեշտեց, որ ՀՄԸՄը իր 102ամեակի այս տարուան տօնակատարութիւնները՝ 15 Նոյեմբերին կը յատկացնէ Արցախի համար զոհուած հայութեան նահատակներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄի հին ու նոր անմահ հերոսներուն յատկապէս:
Իբրեւ գործնական աջակցութիւն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կատարած ժողովրդանուէր աշխատանքին՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտարարեց 10 հազար ամերիկեան տոլարի յատկացում Հայաստանի միաւորին: Ան աւելցուց, որ ՀՄԸՄական նուիրատու մը իր կարգին 10 հազար տոլարով կ՛աջակցի գաղթականներու եւ արցախցի պատանիներու յատուկ ծրագիրներուն: Նուիրատուութիւններու խոստումներ կատարեցին նաեւ ՀՄԸՄի բազմաթիւ շրջաններ՝ վերահաստատելով օրհասական այս օրերուն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ճամբով հայութեան եւ անոր յաղթական կռիւին տէր կանգնելու ՀՄԸՄական իրենց յանձնառութիւնը եւ համահայկական կամքն ու վճռակամութիւնը:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ