ՀԻԼԴԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 20 Յունուար 1934ին, Թեհրան, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Հիլդա Տէր Պօղոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2020ին:
Յուղարակաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Court of Liberty շրջափակին մէջ, Gardens of Heritage, Lot 2302-4, Forest Lawn Hollywood Hills, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles, CA 90068:
Լոս Անճելըսի Հանրային առողջութեան վարչութեան կողմէ սահմանուած սոցիալական հեռացման կանոններուն եւ պահանջներուն համապատասխան, ներկաներէն կը խնդրուի հետեւիլ բոլոր հեռաւորութեան միջոցներուն, ներառեալ դիմակներ հագնիլը, վեց ոտնաչափ հեռավորութեան վրայ մնալը եւ խուսափիլը ֆիզիկական շփումէն:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Արա եւ Մագի Կարապետեան
Զաւակը՝ Ալէն եւ Բէաթրիս Կարապետեան
Զաւակը՝ Արիս եւ Քաթրին Կարապետեան
Թոռները՝ Բրանդըն, Ալիսա, Սելին, Ալէք եւ Անթընի Կարապետեան
Քոյրը՝ Մեդիկ Յովհաննիսեան
Եղբայրը՝ Մարտիկ եւ Քաթի Տէր Պօղոսեան
Էդիթ եւ Էդօ Յարթունեան
Էլին Յովհաննիսեան
Սերջիօ Տէր Պօղոսեան
Էնզօ եւ Դաուն Տէր Պօղոսեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenia Fund-ին՝ www.armeniafund.org, Հիլդայի յիշատակին.
«Քորոնա» ժահրին պատճառած պայմաններուն պատճառով, հոգեճաշ տեղի պիտի չ՛ունենայ։