Մինչ երկիրը կլանուած է նախագահական ընտրութիւններու լուրերով, համաճարակը դանդաղելու նշաններ ցոյց չի տար եւ յաջորդական 2րդ օրն ըլլայով, 5 Նոյեմբերին արձանագրուեցան առաւել քան 100,000 նոր վարակումներ։
Հինգշաբթի օրուան 121,000 նոր վարակակիրներու տուեալը համաշխառհային նոր մրցանիշ մըն է։ Արձանագրուեցան նաեւ 1210 մահեր՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 240,000ի սահմանին։
Աշխարհի տարածքին վարակակիրներուն թիւը կը մօտենայ 50 միլիոնի եւ արձանագրուեցած են առաւել քան 1․2 միլիոն մահեր։