ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարեց, որ այս տագնապի ծիրին մէջ ծաւալած պատերազմին ընթացքին զոհուած են 4000 անձեր, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներ, վիրաւորուած են 8000 ուրիշներ։Այս մասին կը հաղորէ «Ռաշա Թուտէյ»ը։
Ըստ Փութինի՝ տեղահանուածներու թիւը, զանազան տուեալներով, տասնեակ հազար է։
«Յոյս ունիմ, որ մենք այլեւս չենք օգտագործեր «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն» բառակապակցութիւնը։ Յոյս ունիմ, որ շուտով պիտի անցնինք այլ հարցերու քննարկման», աւելցուց ան։
Ռուսիոյ նախագահը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովին յանձնարարեց ԵԱՀԿ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գործընկերները տեղեկացնել Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին:
Ան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակչութիւնը իր խաղաղ կեանքին վերադարձնելը շատ կարեւոր է եւ արդիական:
Ռուսիոյ նախագահին համաձայն` 9 Նոյեմբերի համատեղ յայտարարութիւնը թոյլ տուաւ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ կայունացնելու իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Փութին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական բարդ իրավիճակ կը տիրէ, աւերուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ եւ մշակութային կառոյցներ:
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու եւ բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման հարցերու նախարար Եւկենի Զինիչեվէն խնդրած է զեկուցել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան լրացուցիչ օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութեան մասին:
Նախագահ Փութին հրամանագիր մը ստորագրեց Լեռնային Ղարաբաղի համար մարդասիրական հարցերու արձագանգման միջգերատեսչական կեդրոնի ստեղծման մասին։ Կեդրոնի կազմին մէջ պիտի ներգրաւուին Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան դաշնկցային ծառայութեան ներկայացուցիչներ, իսկ կազմակերպչական հարցերը կը դրուին պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ: