ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Financial Times-ը «Մոսկուայի Ազդեցութիւնը Նուազած Է․ Դատարկութիւնը Կը Լեցնէ Թուրքիան» խորագիրով անդրադարձացած է Արցախի մէջ զինադադարի համաձայնութեան՝ նշելով նաեւ, որ Պաքուի յաջողութիւնը երաշխաւորուած էր Թուրքիոյ անմիջական միջամտութեամբ։
«Թուրքիա կ՛ամրապնդէ իր դիրքը Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտի համարուող աշխարհաքաղաքական տարածքին մէջ: Ռուսիոյ «յաճախորդ»ը կը զիջի, իսկ Թուրքիոյ դաշնակիցը կը հասնի վճռական առաւելութեան։ Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի ազդեցութիւնը էապէս նուազած է, եւ դատարկութիւնը կը լեցնէ կռուարար Անգարան», թերթին ըսած է Ռուսիոյ Ռազմավարական վերլուծութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռուսլան Փուխով:
«Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ յաղթանակը Եւրոպական Միութեան պարտութիւնն է: Հակամարտութիւնը դարձեալ կը սառեցուի եւ կ՛ուրուագծուին երկու յստակ յաղթողներ` Ռուսիա եւ Թուրքիա: Եւրոպական Միութիւնը պիտի մնայ դիտորդի դերին մէջ, մինչեւ վերանայի իր ռազմավարութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ», գրած է Politico-ի վերլուծաբան Նիքու Փոփեսքու։
Ըստ Bloomberg-ի յօդուածագիր Լէոնիտ Պերշիտսքուի՝ պատերազմին նկատմամբ Մոսկուայի առաւել քան 40 օրերու կրաւորական դիրքորոշման պատճառներէն մէկը Փաշինեանի նկատմամբ անոր դիրքն է: Ան գրած է, որ իշխանութեան գալէ ի վեր, Փաշինեան ամէն կերպով փորձած է վստահեցնել Փութինին, որ ազատականացումներու քաղաքականութիւնը եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարը կապ չունին Ուքրանիոյ Նարնջագոյն յեղափոխութեան հակառուսական բնոյթին հետ: Ան կը նշէ, որ հակառակ անոր որ Փութին ձեւականօրէն լաւ յարաբերութիւններ պահպանած է Հայաստանի նոր ղեկավարին հետ, բայց ան սկզբունքօրէն կ՛ատէ ամէն տեսակի ընդվզումները՝ նախկին խորհրդային տարածքին մէջ: «Փութին կրնար խեղդել այս պատերազմը, եթէ զօրք ուղարկէր, կամ գոնէ սպառնար: Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ մնալու Հայաստանի ցանկութիւնը վստահ պիտի նուազի, իսկ Ատրպէյճան աւելիով պիտի ամրացնէ Թուրքիոյ հետ կապերը: Ռուսիոյ վստահելի դաշնակից ըլլալու վարկը տուժած է եւ փոխարէնը պիտի քաջալերուին բոլոր անոնք, որոնք կ՛ենթադրեն, որ ԱՊՀի տարածքին մէջ սառեցուած հակամարտութիւնները կարելի է լուծել ռազմական միջոցնորով: Վրացիները, ուքրանացիները, մոլտովացիները կրնան փորձել իրենց հարցերը այդպէս լուծել», գրած է յօդուածագիրը: